ՀԲԸՄ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Փարիզի մէջ կազմակերպուած 90-րդ ընդհանուր ժողովի արձագանգները կը շարունակուին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս մասին Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ լոյս տեսած խմբագրականը՝ Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ։
*
Յագեցած էր ՀԲԸՄ-ի եռօրեայ փարիզեան հաւաքը։ 90-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ տեղի ունեցած գիտաժողովը նիւթ ունէր՝ թուային աշխարհի նոր մարտահրաւէրները, մասնագիտական կառավարումը, ղեկավար կիներու յանձնառութիւնը, քննադատական մտածողութեան անհրաժեշտութիւնը... եւ եղան խոր-հըրդակցական հաւաքներ, գեղարուեստական ծրագիր նուիրուած՝ Ազնաւուրին, յոբելենական ճաշ... այս պայմաններուն մէջ 113-ամեայ համահայկական միութիւնը քննարկեց 2016 եւ 2017 տարիներու գործունէութիւնը։
Յաջողութիւններով լեցուն հաշուեկշիռ մը յատկապէս Հայաստանի մէջ՝ կրթական, ընկերային, գեղարուեստական, երիտասարդական, բարեսիրական մարզերուն մէջ, սփիւռքի մէջ ալ՝ դպրոցական ցանցի մատակարարումով, կրթաթոշակներով, երիտասարդ արհեստավարժներու ցանցերու ստեղծումով, սուրիահայութեան օժանդակութեամբ... Աշխարհի բոլոր անկիւններէն հայեր հաւաքուած էին Փարիզ, որ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշայի կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուան հանդիսացած է։
Ոգեւորիչ երեւոյթ է տեսնել կազմակերպչական բացառիկ իրագործում մը, բովանդակալից յայտագրով, որուն առանցքը ապագայակերտ տեսլականն է։ Հարցադրումները չեն որ կը պակսին, մասնաւորապէս հայկական ինքնութեան շուրջ, սակայն, ՀԲԸՄ արդէն տարիներէ ի վեր ճշդած է իր ուղին՝ ըլլալ երիտասարդութեան կողքին, պատրաստել երիտասարդ ղեկավարներ, օրինակ առնել իրենց ասպարէզին մէջ յաջողակ ձեռնարկատէրերը, առաւելագոյնս բացուիլ արդիական թուային աշխարհին, քայլ պահել համաշխարհային նորարարական գիտական աշխարհին հետ։
Տարեկան 30-40 միլիոն տոլար ներդրում կատարելու կարողականութեամբ, Բարեգործականը կը հանդիսանայ հայկական կազմակերպութիւններու հզօրագոյնը։ Թէեւ անկախութենէն ետք, սփիւռքի մէջ դրամահաւաքի ասպարէզէն ներս ի յայտ եկան հզօր այլ դերակատարներ, այսուհանդերձ ՀԲԸՄ-ը կը շարունակէ անշեղ գործել ի նպաստ նոր սերունդի զարգացումին եւ հայութեան բարօրութեան։
Վերջին երեսուն տարուան ընթացքին համաշխարհայնացումը տակնուվրայ ըրաւ միջազգային յարաբերութիւններն ու հայաշխարհը։ ՀԲԸՄ-ը եւս կը փորձէ քայլ պահել համաշխարհայնացման նոր երեւոյթներուն հետ, հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրին սկզբունքներուն՝ պահպանել եւ տարածել հայ լեզուն, ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը։ Գլխաւոր հարցումը թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ այս սկզբունքերը կարելի է պահպանել, կենսագործել, երբ այսօրուան միութեան ղեկավար դիրքերը գրաւած անձերը՝ գլխաւորաբար Արեւելքի մէջ ուսում առած, հայկական շունչով մեծցած տղաք ու աղջիկներ, մեծ մասամբ Արեւմուտք հաստատուած, անզօր կը դիտեն Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու քայքայումը, կը դիտեն Արեւմուտքի նորարարութեան ու համաշխարհայնացման զօրաւոր հոսանքը, - որ փոքր ժողովուրդները եւ մշակոյթները կը մամլէ - եւ կը ջանան քայլ պահել, գոյատեւել այս պայմաններուն մէջ։ Որքանո՞վ Արեւմուտքի մէջ առանց դպրոցական որակեալ ցանցի, միայն ընտանեկան պատկանելիութեամբ, ակումբներով կարելի է հայկական նկարագիր պահպանել։ Որքանո՞վ տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս թոյլ Հայաստան մը կրնայ սփիւռքի մէջ հայկականութեան ոգին արթուն պահելու խթան հանդիսանալ։ Որքանո՞վ տարին կամ մի քանի տարին անգամ մը Հայաստան այցելելով կարելի է հայկականութիւն պահպանել։
Բացառիկ երեւոյթ էր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամի հանգամանքով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութիւնը 90-րդ ընդհանուր ժողովին, սակայն նոյնիսկ երկրի նախագահի հանգամանքը չբաւեց, որ ան յաղթահարէ միջազգայնացած անգլերէնը եւ բեմէն արտայայտուի հայերէն լեզուով։
Թէեւ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի կազմակերպիչներու ուղղակի գլխաւոր հարցադրումները չէին վերոնշեալ խնդիրները, սակայն անոնք զգալի էին բոլորին մտքին ետին։ Ատոնք հայաստանեան քաղաքական օրակարգի եւս նիւթ են եւ այս օրերուն կ՚արծարծուին նոր կառավարութեան ծրագրի ծիրէն ներս, ուր Սփիւռքի գոյատեւման հարցը ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունի։