ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՄԻՒՆԻԽԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Գերմանիոյ մէջ այսօր կը սկսի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը։ Տարեկան այս համաժողովը շատ կարեւոր հարթակ մըն է՝ միջազգային անվտանգութեան հարցերու քննարկման տեսակէտէ։

Համաժողովի պաշտօնական բացման հրաւիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Միւնիխի մէջ է նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Արմէն Սարգսեան ժամանելով Գերմանիա՝ հանդիպում մը ունեցաւ Հայտելպերկի քաղաքապետ Էքարտ Վիւրցների հետ։ Ան այցելեց նաեւ Հայտելպերկի համալսարանը, ուր հիւրընկալուեցաւ ղեկավարութեան կողմէ։ Սա գերմանական ամենահին համալսարանն է, ուր նախագահ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարար Մնացականեան կը մասնակցի համաժողովի եռօրեայ աշխատանքին եւ այդ ընթացքին կ՚ունենայ շարք կը երկկողմանի հանդիպումներ։

Ուրբաթ, Փետրուար 15, 2019