ՆՈՐ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս վերջերս դարձեալ ստեղծուած է խնդրայարոյց կացութիւն մը։ Հիւսիսային Ամերիկայի միւս թեմերուն նման, Գանատայի պարագային եւս եկեղեցիներու պառակտումը տարիներէ ի վեր վերածուած է լուրջ մարտահրաւէրի մը՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ։ Բոլորովին յստակ է, որ պառակտումը անհեռանկար է, սակայն դժբախտաբար վերջերս դարձեալ կը հասնին լուրեր, որոնք կը վերաբերին այդ ընթացքի խորացման եւ նոր ոտնձգութիւններու։ Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթը վերջին թիւի խմբագրականին մէջ արծարծած է այս խնդիրը։ Ստորեւ նոյնութեամբ կ՚արտատպենք այդ խմբագրականը։

*

Հայաստանի եւ սփիւռքի շատ լուրջ խնդիրներուն ծիրին մէջ, որեւէ մտահոգ մարդուն համար անհասկնալի եւ դատապարտելի է իմանալ, որ Գանատայի մէջ, մեր եկեղեցւոյ թեմական կարգին հակառակ՝ նոր ոտնձգութիւն մը կը կատարուի։ Արդարեւ, Անթիլիասի ենթակայ՝ բաժանեալ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Բաբգէն Արք. Չարեան այս այլապէս ալ տագնապալից օրերուն՝ կարծէք ուրիշ գործ ունեցած չըլլար բացի Օնթարիոյի Windsor  քաղաքին մէջ անջատեալ նոր ծուխ մը հաստատելէ. մինչ ծանօթ իրողութիւն է, որ այնտեղ 27 տարիներէ ի վեր արդէն ծուխ մը հաստատուած է Գանատայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրինաւոր թեմին կողմէ եւ ենթակայ անոր։

Իսկական ցաւ է որեւէ տրամաբանող հայու համար, բայց մանաւանդ գանատահայերու համար, դէմ յանդիման գտնուիլ այսպիսի արուեստական նոր տագնապի մը հետ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ 70 տարի առաջ ստեղծուած Անթիլիասի հերձուածը դժբախտաբար անհաշուելի վնաս հասցուցած է սփիւռքահայութեան։

Ուժերու բաժանում եւ ջլատում, գաղութներու մէջ թշնամական մթնոլորտի ստեղծում, այս բոլորը ի վնաս հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն եւ յօգուտ միայն անոր թշնամիներուն։ Այս տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ անյաջող նախաձեռնութիւններ կատարուեցան այս հիւանդագին վիճակը վերացնելու համար։

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, 2015 թուին, աւելի եւս զգացուեցան մեր եկեղեցւոյ բաժանման այս տխուր իրականութեան ջլատիչ վնասները եւ անգամ մը եւս Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.՝ մեր եկեղեցւոյ կարեւորագոյն հարցը նկատեցին բաժանեալ թեմերու ցաւոտ խնդրին լուծման անհրաժեշտութիւնը։

Այդ օրերուն որպէս լուծման ճանապարհ, Անթիլիասի առաջարկներէն մէկն էր, որ արդէն իսկ բաժանեալ շրջաններուն մէջ սկսուէր քաջալերել տեղական միացման աշխատանքները։

Windsor-ի մէջ այսօր կը պատահի հակառակը. հոն ուր բաժանում չկար՝ Անթիլիաս կը նախաձեռնէր բաժանեալ նոր ծուխ ստեղծելու…։

Անընդունելի է այս քայլը բոլորին համար եւ ան խստօրէն դատապարտելի։

Անհրաժեշտ է մանրամասնել այս տխուր կացութեան ետին գտնուող առարկայական եւ պատմական տուեալները, որպէսզի ընթերցողը աւելի հիմնաւորուած ձեւով դիրքորոշուի եւ պահանջէ անմիջական սրբագրումը այս դատապարտելի նախաձեռնութեան։

Ինչպէս վերեւը յիշեցինք, 27 տարիներէ ի վեր Windsor-ի փոքր համայնքին մէջ Գանատահայոց թեմին եւ օրուան առաջնորդին՝ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի որոշումով արդէն իսկ ստեղծուած էր ծուխ մը։ Նկատի ունենալով այդ փոքր համայքին նիւթական սեղմ պայմանները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրահանգով որոշ կիրակիներ, այցելու քահանայ մը կ՚առաքուի Windsor, Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ պահանջուած հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցանելու տեղւոյն հաւատացեալ համայնքին։

Այս պարագաներուն տակ է, որ յանկարծ քանի մը ամիսներ առաջ Facebook-եան էջերէն կը յայտնուի, թէ Բաբգէն Արք. Չարեան այնտեղ կատարած է այցելութիւն մը ամիսներ առաջ եւ «տեղացիներու խնդրանքին ընդառաջելով» յայտարարած է, թէ իր նախաձեռնութեամբ Windsor-ի մէջ պիտի հաստատէ նոր ծուխ մը…

Գանատահայոց առաջնորդ Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան, անմիջապէս յարաբերութեան մէջ մտնելով Բաբգէն Սրբազանին հետ, այս հարցին ծանրակշիռ բնոյթը մատնանշելով, զինք կը հրաւիրէ անպաշտօն հանդիպման մը, առաջքը առնելու համար, նախատեսելի ալեկոծումներուն։

Երբ Աբգար Սրբազան անկեղծօրէն կը պարզէ այս անտեղի զարգացման ստեղծելիք ակնյայտ ցնցումները, Բաբգէն Սրբազան հասկացողութիւն ցոյց տալով յստակ կերպով կը խոստանայ այլեւս ընթացք չտալ Windsor-ի «նոր ծուխ» խնդրին։

Բնականաբար գոհ պիտի ըլլայինք տեսնելով, թէ լրջութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ի վերջոյ գերադասուած են, հապճեպ խանդավառութենէ բխած սակայն շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալիք արարքէ մը։

Սակայն ի մեծ յուսախաբութիւն Աբգար Սրբազան Հօր եւ այժմ գանատահայոց ամբողջ թեմին, եւ աւելին՝ ամբողջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։ Քանի մը շաբաթներ առաջ կրկին կը տեսնուի, թէ Windsor-ի բաժանեալ ծուխի աշխատանքը կը շարունակուի անպատասխանատու կերպով, եւ հետեւաբար վերեւը յիշուած լուրջ խոստումը դրժուած է։

Առանց որեւէ յաւելեալ մեկնաբանութեանց, եւ թարգմանը հանդիսանալով ամբողջ գիտակից ժողովուրդին՝ կը հաստատենք, թէ այս պարագան Անթիլիասի կողմէ, անտեղի, հակաօրինական եւ քանդիչ ու դատապարտելի ոտնձգութիւն մըն է գանատահայ թեմէն ներս։

Կը տեղեկանանք, թէ գանատահայոց առաջնորդ Գերշ. Աբգար Սրբազանը արդէն իսկ նամակով յայտնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին իր միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը, այս անտեղի հարցին լուծման համար։

Նաեւ մեր կոչն է Անթիլիասի գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ի սէր գանատահայութեան մէջ հանդարտ մթնոլորտի պահպանման, անմիջապէս հրահանգել իր ներկայացուցիչին դադրեցնելու նման բաժանարար աշխատանք Windsor-ի մէջ։

Կ՚ուզենք նաեւ հաւատալ, թէ այս օրերուն երբ անհրաժեշտ է գաղութին բոլոր ուժերը համախմբել՝ դիմագրաւելու համար մեր ժողովուրդին դէմ պարզուող բոլոր մարտահրաւէրները, ՀՅԴ-ն եւս մտահոգ պիտի ըլլայ առաջքը առնելու, անիմաստ եւ անտրամաբանական, ջլատիչ ու պառակտիչ այսպիսի արարքներուն։

Կը յուսանք, որ Արամ Ա. Հայրապետը խոհեմութիւնը կ՚ունենայ դէմ կանգնելու այս պառակտիչ ոտնձգութեան, որ իր «թեմական համակարգին» գլխուն վրայ փառապսակ մը ըլլալէ աւելի, կրնայ դառնալ փշապսակ մը։

Կը սպասենք դրական եւ պատասխանատու քայլերու՝ յօգուտ մեր դարաւոր աւանդութեանց, ազգային միասնականութեան եւ գերագոյն շահերուն։

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2020