PFIZER-Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԵՐ

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆաիզեր» դեղագործական ընկերութեան միջեւ կնքուած պայմանագրի հիման վրայ՝ «Քովիտ-19»ի դէմ mRNA հիմքով Pfizer պատուաստանիւթի 100 հազար 620 դեղաչափ խմբաքանակ ներածուեցաւ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ բաշխումէն յետոյ երկրէն ներս միւս պատուաստանիւթերուն հետ այս մէկն ալ հասանելի պիտի ըլլայ առողջութեան առաջնային պահպանման օղակներուն եւ պատուաստումներու շարժական կեդրոններուն մէջ։ Հայաստանի մէջ պատուաստումները անվճար են։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022