ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՐՈՒՁԵՒԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը խօս­քի ծանր խան­գա­րում­ներ ու­նե­ցող ե­րա­խա­նե­րու Ե­րե­ւա­նի թիւ 8 յա­տուկ դպրո­ցին մէջ հիմ­նած է կա­րու­ձե­ւի դա­սա­սե­նեակ անհ­րա­ժեշտ կա­հոյ­քով, կա­րի մե­քե­նա­նե­րով, մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծիք­նե­րով ու նիւ­թե­րով: Ծրագ­րին նիւ­թա­պէս ա­ջակ­ցած է HSBC Հա­յաս­տան դրա­մա­տու­նը:

Դա­սա­ւան­դող մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­ւաս­տիա­ցու­մով՝ կա­րի եւ ձե­ւա­ւոր­ման հմտու­թիւն­նե­րու ձեռք­բե­րու­մը կ՚օգ­նէ կրթօ­ճա­խի սա­նե­րուն ոչ միայն հե­տա­գայ մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թիւն ձեռք բե­րե­լու, այ­լեւ կը նպաս­տէ ե­րա­խա­նե­րու բար­դոյթ­նե­րու յաղ­թա­հար­ման ու ինք­նավս­տա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման: 
2014 թուա­կա­նին, հիմ­նադ­րա­մը, իր ար­ժան­թի­նա­հայ բա­րե­րար Յով­սէփ Հի­մի­տեա­նի նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ, դպրո­ցին մէջ հիմ­նած է խո­հա­նո­ցա­յին դա­սա­սե­նեակ, ուր ու­սա­նած շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն քա­նի մը հո­գին ար­դէն կ՚աշ­խա­տին ճա­շա­րա­նա­յին ո­լոր­տին մէջ:

«Միջ­նա­կարգ կրթու­թեան զու­գա­հեռ մեր սա­նե­րը կը սոր­վին նաեւ կեն­ցա­ղա­վա­րու­թիւն, որ օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ նախ եւ ա­ռաջ ի­րենց ըն­տա­նի­քին եւ պի­տի օգ­նէ ի­րենց կողմ­նո­րո­շւե­լու մաս­նա­գի­տու­թեան ընտ­րու­թեան հար­ցով», կը նշէ դպրո­ցի տնօ­րէն Վար­դու­հի Խե­բո­յեան: Ան ու­րա­խու­թեամբ կը հե­տե­ւի, թէ ինչ­պի­սի ո­գե­ւո­րուածու­թեամբ ա­շա­կերտ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին դա­սե­րուն, կ՚օգ­նեն ի­րա­րու. կա­րու­ձե­ւի խմբա­կի սա­նե­րը գոգ­նոց­ներ ու սփռոց­ներ կը կա­րեն ի­րենց խո­հա­րար ըն­կեր­նե­րուն հա­մար, իսկ վեր­ջին­ներս՝ ի­րենց պատ­րաս­տած հա­մեղ ու­տեստ­նե­րը կը հիւ­րա­սի­րեն ա­պա­գայ դեր­ձակ­նե­րուն ու ձե­ւա­ւո­րող­նե­րուն:

Դպրո­ցը ու­նի 120 ա­շա­կերտ, նե­րա­ռեալ՝ ա­նա­պա­հով ըն­տա­նիք­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ մար­զե­րէն ե­կած ե­րա­խա­ներ, ո­րոնց կրթօ­ճա­խը կ՚ա­պա­հո­վէ գի­շե­րա­կա­ցով:

Հիմ­նադ­րա­մը 2011 թուա­կա­նէն սկսեալ պար­բե­րա­բար կ՚ա­ջակ­ցի դպրո­ցին. հաս­տա­տու­թեան նուի­րա­բե­րուած են հա­մա­կար­գիչ­ներ, գրե­նա­կան պի­տոյք­ներ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017