ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐ

Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան այս օրերուն թրքահայ համայնքի զաւակներու վերջին յարգանքին առարկայ կը դառնայ Գումգաբուի մէջ։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կամարները կը համախմբեն մեր համայնքի հաւատացեալները, որոնք ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տան իրենց Հոգեւոր Պետին։ Մինչ նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարք դարձած է յաւերժութեան ուղեւոր մը, իր բարոյական ներկայութեան առջեւ խոնարհում կը բերեն նաեւ մեր վարժարաններու աշակերտները։ Երէկ, Մայր եկեղեցւոյ մէջ իսկապէս խորհրդաւոր պատկեր մը ստեղծուեցաւ, երբ համայնքային վարժարաններու սաները տողանցեցին դագաղին շուրջ՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն։ Երէկուան այցելուներու շարքին էին նաեւ բազմաթիւ համայնքային վարիչներ, որոնք եւս իրենց վերջին յարգանքը մատուցին լուսահոգի Պատրիարք Հօր նկատմամբ։

Մայր եկեղեցւոյ ատեանին մէջ զետեղուած դագաղին շուրջ երէկ հոգեւորականաց դասը անընդհատ սուրբգրական ընթերցումներ կատարեց։ Աղօթք մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի։ Հրաժեշտի այցելութիւններու եւ արարողութիւններու ամբողջ ընթացքը վերահսկեց Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ աւելի քան երեք ժամ չբաժնուեցաւ հոգելոյս Պատրիարք Հօր դագաղի գլուխէն։

Միւս կողմէ, կը շարունակուին նաեւ Պատրիարքարան տրուած ցաւակցական այցելութիւնները։ Այս ծիրին մէջ երէկ Գումգաբու փութաց ԱՔ կուսակցութեան ընդհանուր կեդրոնէն նախկին նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին յայտնեց իր ցաւակցութիւնները։ Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա, որ ներկայիս փոխ-կուսակցապետ է, յայտնեց, որ կը բաժնէ մեր համայնքին վիշտը։ Հանդիպման ընթացքին նորին սրբազնութեան կողքին էր յուղարկաւորութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ։ 

  

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2019