ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ԴԷՊՔ. ԵՐԿՈՒ ՄԶԿԻԹԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ, 40 ԶՈՀ

Նոր Զելանտայի Քրիստչըրչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական սահմռկեցուցիչ դէպք մը, որ եկաւ ցնցել ամբողջ աշխարհը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ այսօր տեղի ունեցաւ անհաւատալի այս դէպքը, որու հետեւանքով չորս հոգի ձերբակալուեցաւ։ Ուրբաթի աղօթքի ժամանակ կրակ բացուեցաւ քաղաքի երկու մզկիթներու վրայ։ Քառասուն հոգի զոհ գնաց այս յարձակման, վիրաւորեալներու թիւն ալ կը հասնի քսանի։

Աւստրալական զանազան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ սեւ զգեստներով անձ մը կրակ բացած է Ալ Նուր մզկիթին վրայ։ Ըստ ոստիկանութեան աղբիւրներուն, ահաբեկիչներէն ոեւէ մէկը անվտանգութեան մարմիններու կողմէ չէր հետապնդուեր։ Աւստրալական ոստիկանութեան ձեռնարկած գործողութիւններուն զուգահեռ՝ տուեալ քաղաքներէն ներս վարժարաններն ու ճանապարհները փակուեցան, հիւանդանոցներու միայն շտապօգնութեան բաժինները կ՚աշխատին եւ ապահովութեան մարմինները անցած են ահազանգային վիճակի։ Աւստրալիոյ վարչապետ Սքաթ Մորիսընն ալ տեղեկացուց, որ յարձակողներէն մին Աւստրալիոյ քաղաքացի է։

Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս ահաբեկչական արարքին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան խստիւ պախարակեց Նոր Զելանտայի մէջ մահմետականներու դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումը։ Ան անիծեց այն ահաբեկիչները, որոնք պաշտամունքի ժամանակ կրակած են մարդոց վրայ։ Նախագահ Էրտողան դէպքի զոհերուն համար յայտնեց ցաւակցութիւն, իսկ վիրաւորեալներու պարագային մաղթեց արագ ապաքինում։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2019