ԱՆԹԱԼԻԱՆ ԵՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒՄԸ

Անթալիոյ մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները պարզ կը դարձնեն արցախեան հակամարտութեան լուծման եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին փոխկապակցուած ըլլալը:

«Կովկասի մէջ մենք եռակողմ, քառակողմ մեքանիզմներ ունինք: Եթէ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, խաղաղութեան համաձայնութիւն ըլլայ, ինչո՞ւ Հայաստանն ալ չներառենք: Եթէ խաղաղութեան եւ կայունութեան մասին կը խօսինք: Սակայն ատոր համար Հայաստանն ալ պէտք է նոյն ըմբըռնումը ունենայ: Պատերազմը աւարտած է. Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է նստին ու բանակցին. իմ կարծիքով՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն երրորդ կողմ պէտք չէ ըլլայ: Եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ եւ մեզ հետաքրքրող հարց ըլլայ, անպայման կ՚աջակցինք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ակնարկած է նաեւ, որ կը սպասեն խաղաղութեան մասին Ատրպէյճանի կատարած առաջարկին Հայաստանի կողմէ ընդառաջման:

Փորձենք մեկնաբանել եւ տեսնել չյայտարարուած, բայց գոյութիւն ունեցող բովանդակային բաժինները:

Այսպէս. եռակողմը կ՚ենթադրուի, որ Թուրքիա-Մոսկուա-Ատրպէյճանն է: իսկ քառակողմը՝ նոյնը առաւել Իրանը: Այստեղ կը մօտենանք «3+3»ին, ուր նաեւ Երեւանը ներառելու հաւանականութեան մասին կը խօսուի: Այս ձեւաչափը հրատապ նշանակութիւն ունեցաւ յատկապէս Ուքրայնոյ պատերազմին առիթով, երբ Թիֆլիզը մէկ քայլ հեռացաւ Միացեալ Նահանգներէն եւ մէկ քայլ մօտեցաւ Մոսկուային՝ յայտարարելով, որ չի միանար պատժամիջոցային պաշարումին:

Հայաստանէն կ՚ակնկալուի ըմբռնում եւ քայլ: Քայլը սահմանագծումն ու սահմանազատումն է եւ միջանցքի տրամադրումը: Այս առաջադրանքներուն համար կը պահանջուի խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու սկսումը:

Շատ ուշագրաւ է յայտարարութեան վերջին բաժինը՝ «Բանակցութիւններուն երրորդ կողմ պէտք չէ ըլլայ»ի տեսութիւնը: Սլաքը ուղղակի Մոսկուային ուղղուած է: Կ՚ակնարկուի ո՛չ միայն հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն, այլ նաեւ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին: Յիշենք, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները գոհ չէին երկխօսութեան առաջին արարին Մոսկուայի մէջ կայացումէն եւ քանի մը անգամ շեշտած, որ խօսակցութիւնները պէտք է տեղափոխել կողմերուն քաղաքները:

Այս մօտեցումը բարձրաձայնելով միաժամանակ Անգարան կ՚առաջարկէ իր միջնորդութիւնը հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն՝ ընդգծելով, որ եթէ անհրաժեշտութիւն ծագի, անշուշտ իրենք պատրաստ են աջակցելու: Վաղեմի առաջադրանքը կը վերադառնայ՝ Անգարան միջնորդ արցախեան հակամարտութեան լուծման, այս պարագային այլեւս հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն:

Անտեսուած է, աւելի ճիշդը՝ խնամքով անուշադրութեան մատնուած եւ շրջանցուած ԵԱՀԿ-ը: Տրուած ըլլալով, որ Ուքրայնոյ պատերազմի այս պայմաններուն մէջ ԵԱՀԿ-ն ու անոր համանախագահական ձեւաչափը հեռու կը թուին վերագործարկման կարելիութենէն, Անգարան նոր միջնորդական ձեւաչափ կ՚առաջարկէ բանակցութիւններուն: Նոյնիսկ Մոսկուան դուրս մղելով:

Անթալիոյ հանդիպման նախօրեակին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ Երեւանը կը մշակէ դիմում ԵԱՀԿ-ին՝ վերագործարկելու համանախագահական միջնորդութիւնը: Նմանօրինակ պահանջով հանդէս եկաւ նաեւ Արցախի Ազգային ժողովը՝ ապաբռնագրաւման օրէնքի որդեգրման որոշումով:

Այն ինչ որ չէ յայտարարած բառացիօրէն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, այս յայտարարութեամբ անուղղակի տեղ գտած են իբրեւ Անգարայի պաշտօնական դիրքորոշման հիմնադրոյթներ:

Ա.- Նախ պէտք է կայանայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծումն ու սահմանազատումը:

Բ.- Հայաստանը պէտք է ընդառաջէ Պաքուի՝ խաղաղութեան գործընթաց սկսելու առաջարկներուն: Այդ կը նշանակէ ընդունիլ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ:

Գ.- Ո՛չ միայն ԵԱՀԿ-ը, այլ նաեւ Մոսկուան պէտք չէ միջնորդական դեր ստանձնեն խաղաղութեան նոր համաձայնագիրի ստորագրութեան բանակցութիւններուն: Եթէ անհրաժեշտութիւն զգացուի (իսկ ատիկա անպայման կրնայ զգացնել տալ Պաքուն), Թուրքիան պատրաստ է աջակցելու. այսինքն՝ միջնորդելու:

Կը նկատուի, որ չեն արծարծուիր Թուրքիոյ դասական նախապայմանները, որոնք վերափոխուած են հարցերու փոխկապակցումով: Սահմանագծումը, սահմանազատումը եւ Պաքուի առաջարկներուն ընդառաջելու ակնկալութիւնը ըստ էութեան նախապայմաններու առաջին կէտի ամրագրումն են: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի համազօր քայլերու որդեգրման պահանջը:

Հայկական կողմէն հնչելիք արձագանգները անհրաժեշտ է, որ լոյս սփռեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան վրայ, որուն համաձայն Անթալիոյ հանդիպումը եղած է «շատ կառուցողական»:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022