«ԹՈՒՄԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՀԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ»

Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը կը ներկայացնէ գրողի ընտանիքի նախընտրած ուտեստներու բաղադրատոմսերը։ Այսպէս, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը ապրիլի 10-էն սկսեալ տուաւ «Թումանեաններու խոհանոցին մէջ» ծրագրի մեկնարկը, որու շրջանակէն ներս թէ՛ մեծահասակները եւ թէ փոքրիկները կրնան ծանօթանալ ամենայն հայոց բանաստեղծի եւ անոր ընտանիքի անդամներու նախըտրած ճաշատեսակներուն:

Թանգարանը ամէն ուրբաթ կը ներկայացնէ Թումանեաններու սիրած ուտեստները՝ պատրաստման նըր-բութիւններով:

«Ծրագրին հետեւողները կրնան ձեռք բերել անհրաժեշտ բաղադրիչները, պատրաստել, գեղեցիկ ձեւաւորել եւ մատուցելու ժամանակ ալ չմոռանալ «պտղունց մը սէր» աւելցնել:

«Փորձեցէ՛ք եւ համոզուեցէ՛ք, որ թումանեանական ճաշատեսակները, դառնալով ձեր խոհանոցի մէկ մասը, կը գոհացնեն նոյնիսկ ամենանրբաքիմք ու խստապահանջ ճաշակողները», կը նշուի թանգարանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական կայքէջին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հետաքրքրասէրները կրնան տեսագրել պատրաստման գործընթացը, աւարտելէ յետոյ լուսանկարել եւ ուղարկել թանգարան:

Հնարաւոր է՝ մասնակիցներէն ոեւէ մէկը արժանանայ թանգարանի պատրաստած մրցանակին:

Բացի «Թումանեաններու խոհանոցին մէջ» ծրագրէն, թանգարանը կ՚իրականացնէ շարք մը այլ հետաքրքրական նախաձեռնութիւններ. ինչպէս՝ «Տուն, թէյ, գիրք», «Թանգարանէն տուն նամակագրութիւն», «Կտոր մը հումոր» ծիծաղաշարժ առցանց փառատօն, «Արի ծանօթանանք» ծրագրերը, որոնց մասին մանրամասնութիւններ կրնաք ստանալ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի պաշտօնական կայքէջէն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020