ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՄԱՏՐԻՏ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐՔԵՒ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Արանչա Կոնզալեզ Լայայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համավարակի դէմ ուղղուած պայքարի շրջանակներէն ներս ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Յանուն Հայաստանի կառավարութեան, Զօհրապ Մնացականեան ցաւակցութիւն յայտնեց Արանչա Կոնզալեզ Լայային՝ համավարակի հետեւանքով զոհուածներուն համար եւ Սպանիոյ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնեց քորոնաժահրի շուտափոյթ յաղթահարման ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, Մնացականեան երախտագիտութիւն յայտնեց Մատրիտի իշխանութիւններուն՝ հայ համայնքի նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքի եւ համավարակով պայմանաւորուած խնդիրներու պարագային դրսեւորուած զգայնութեան համար։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ համավարակի դէմ պայքարի շրջանակներէն ներս միջազգային համագործակցութիւնը՝ ներառեալ Եւրոմիութեան ծրագրերու եւ նախաձեռնութիւններու միջոցաւ։
Երկկողմանի օրակարգի համատեսքին մէջ նախարարները ընդգծեցին փոխադարձ պատրաստակամութիւն՝ ամրապնդելու եւ առաւել զարգացնելու համար Հայաստան-Սպանիա համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ։