ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐԸ ԳՈՐԾԻ ՎՐԱՅ…
Հնդկաստանի մէջ մարդամեքենայ բուժքոյրերը շուտով կը ծառայեն քորոնաժահրով վարակուած անձերուն։ Այսպէս, մարդամեքենայ բուժքոյրերն ու բուժակները շուտով կը սկսին ծառայել Հնդկաստանի հիւանդանոցներուն մէջ, պայքարելու համար ընդդէմ քորոնաժահրի համաճարակին։ Փորձարկումներու փուլին գտնուող մարդամեքենայ բուժքոյրի նպատակը վարակակիրներու հետ իրական բուժքոյրերու շփումը նուազեցնելն է:
«Տոկատ Աուրա» անուանումը կը կրէ մարդամեքենան, որ կրնայ դեղամիջոցներ տալ ու սննդամթերք մատուցանել մեկուսացման մէջ պահուող հիւանդներուն: Ան կը տեղաշարժուի յատակին տեղադրուած ֆոթօզգայուն գօտիի օգնութեամբ ու կրնայ հիւանդներու հետ հաղորդակցիլ պարզ արտայայտութիւններով ու նախադասութիւններով:
«Dotworld Technologies»ի պատասխանատուները կ՚ըսեն, թէ այս մարդամեքենան կը ծառայէ քորոնաժահրի թեթեւ տեսակով տառապող հիւանդներուն:
Հնդկաստան կը պատրաստուի յառաջիկայ քառասունհինգ օրերու ընթացքին արտադրել նման հարիւր մարդամեքենայ եւ շարունակել աշխատանքը ամսական հարիւրական մարդամեքենաներու արտադրութեամբ:
Միւս կողմէ, կը ծրագրուի արտադրութեան մէջ դնել նաեւ «Տոկատ Կուրա» անուանումը կրող մարդամեքենան, որու գործը պիտի ըլլայ հասարակական վայրերու վարակազերծումը: