ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՎՐԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Վրաստան։ Դէպի Թիֆլիզ ուղեւորութեան իրեն կ՚ընկերանայ նաեւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։ Պաշտօնական այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հրաւէրով։
Թիֆլիզի մէջ նախատեսուած է Արմէն Սարգսեանի եւ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի առանձնազրոյցը, որուն կը յաջորդեն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ։ Օրակարգի վրայ կը գտնուին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ զանազան ոլորտներէ ներս փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները։ Նախագահները կ՚անդրադառնան նաեւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն եւ հարցերուն։
Թիֆլիզի մէջ նախատեսուած են Արմէն Սարգսեանի հանդիպումները Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի եւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին հետ։
Նախագահ Սարգսեան կը հիւրընկալուի նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի Սուրբ Գէորգ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։