ՆԻՔՈՍ ՏԵՆՏԻԱՍԻ ԱՅՑԸ

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր Թուրքիա կ՚այցելէ՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրին ընդառաջ։ Իրականութեան մէջ, այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենար երէկ, սակայն օր մը յետաձգուեցաւ՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին պատճառով։ Նիքոս Տենտիաս երէկ առաջին հերթին Իսթանպուլի մէջ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր տեսակցեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին հետ։ Ապա ան կ՚անցնի մայրաքաղաք Անգարա՝ բանակցութիւններ վարելու համար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Երկու նախարարները միասնաբար կ՚ընթրեն Իֆթարի սեղանի շուրջ։

Երկու տարուան պարբերութենէ մը վերջ Յունաստանէն Թուրքիա արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով այցելութիւն մը կը տրուի։ Մամուլը կը հաղորդէ, որ Չավուշօղլու եւ Տենտիաս ունին վաղեմի ծանօթութիւն։ Անոնց բարեկամութիւնը սկսած է այն շրջաններուն, երբ երկուքն ալ ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներուն կը մասնակցէին՝ որպէս երեսփոխան։

Այս օրուան բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Միջերկրականի արեւելքի եւ Եգէականի վերաբերեալ հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ իրադարձութիւնները։ Տենտիասի Թուրքիա ժամանումէն առաջ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս անցեալ շաբաթ այցելեց Լիպիա։ Այս օրուան այցելութեան սեմին, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ապտիւլհամիտ Տիպէյտէն։

Ժընեւի մէջ 27-29 ապրիլին նախատեսուած է անպաշտօն հաւաքոյթ մը՝ Կիպրոսի հիմնախնդրին շուրջ։ Չավուշօղլու եւ Տենտիաս այս հաւաքոյթի ընդառաջ կը ծաւալեն քննարկումներ համապատասխան հարցերու առընչութեամբ։ Նախարարներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու խնդիրները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021