ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Լեմքինի կաճառը վերջին օրերուն հերթական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ՝ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած առկայ ծանր մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։ Կառոյցը կոչ ուղղեց, որպէսզի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի պարագային հայերու իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերուի։

Լեմքինի կաճառը Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կալուածէն ներս վերջերս տեղի ունեցած բռնի դէպքին վերաբերեալ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որու բովանդակութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.

«Մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւինք Երուսաղէմի մէջ հայերու շարունակական հետապնդումներուն։ Հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» հողատարածքներու վիճայարոյց վաճառքէն յետոյ զինեալ վերաբնակիչները եւ ոստիկանութիւնը պարբերաբար ստուգումներ կ՚իրականացնեն Հին քաղաքի հայկական մշակոյթի վերջին յենակէտը հանդիսացող թաղամասէն ներս։ Հարաւային Կովկասէ ներս Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի շարունակական սադրանքներու համայնապատկերին վրայ այս յարձակումը Հայաստանի ինքնավարութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը վտանգելու եւս մէկ փորձ է։ Ատրպէյճանէն մինչեւ Իսրայէլ ցեղասպան վարչախումբերու մէջ առկայ հայատեացութեան մակարդակը տագնապ կը յառաջացնէ եւ հայերը մշտական վտանգի դէմ յանդիման կը թողու։ Իր հողն ու ժառանգութիւնը պահպանելու հայ համայնքի վճռականութիւնը լայն աջակցութիւն ստացած է տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ի պատասխան «Xana Gardens»ի եւ գործընկերներուն կողմէ շարունակուող քանդման փորձերու եւ ահաբեկման մարտավարութեան՝ հայ բնակիչները զարմանալի տոկունութիւն եւ համերաշխութիւն ցուցաբերեցին՝ կազմակերպելով բողոքի ցոյցեր, մշտական ներկայութիւն պահպանելով վիճելի տարածքին մէջ եւ հրաժարելով նահանջել՝ հակառակ Իսրայէլի իշխանութիւններուն եւ վերաբնակիչներու ձերբակալութիւններուն եւ սպառնալիքներուն։ Երուսաղէմի հայ համայնքը՝ մասնաւորապէս Պատրիարքարանը հանդէս կու գայ՝ որպէս քաղաքի քրիստոնէական սրբավայրերու կարեւորագոյն պահապան եւ Երուսաղէմի մէջ կը ներկայացնէ ինչպէս քրիստոնէական, այնպէս ալ հայկական մշակոյթը։ Կ՚ընդգծենք, որ Երուսաղէմի պատմական հայկական թաղամասի 1600-ամեայ հայ համայնքը անցեալ տարուան ամառէն ի վեր լարուած դիմակայութեան մէջ է զինեալ վերաբնակիչներու դէմ»։

Յայտարարութեան մէջ Լեմքինի կաճառը կոչ ուղղած է պաշտպանել Երուսաղէմի պատմական եւ մշակութային հայկական հողը եւ քրիստոնէական սրբավայրերը։ Լեմքինի կաճառը միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղած է, որպէսզի Իսրայէլի դատարանները անյապաղ անվաւեր ճանչնան Հայոց Պատրիարքարանի եւ «Xana Gardens»ի միջեւ որեւէ գործարք։ Բաց աստի, կառոյցը պահանջած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները յարգեն փոքրամասնութիւններու՝ հայերու եւ քրիստոնեաներու իրաւունքները ամբողջ Երուսաղէմի մէջ, Արեւմտեան ափին եւ Իսրայէլի տարածքին։ «Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ հրէական բնակավայրերը ոչ-հրեաներու հաշուոյն ընդլայնելու բոլոր ջանքերը եւ պարտաւորութիւններ ստանձնէ պաշտպանելու բոլոր ժողովուրդներն ու դաւանանքները ամբողջ տարածաշրջանէն ներս», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց «Կովերու պարտէզ»ով պայմանաւորուած տագնապին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտնեց, որ «Կովերու պարտէզ»ի պարագային ստեղծուած իրավիճակը առընչութիւն ունի նաեւ Երուսաղէմի կարգավիճակը փոխելու փորձերուն հետ։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Վահան Կոստանեան յայտնեց, որ այս խնդրին շուրջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննարկումներ կ՚ունենայ զանազան միջազգային գործընկերներու հետ հանդիպումներու ժամանակ։

«Այստեղ խնդիրը շատ աւելի խոր է՝ քան մեր քաղաքացիներու կամ հայրենակիցներու անվտանգութիւնը։ Երուսաղէմի սթաթիւքոյի փոփոխութեան փորձ տեղի կ՚ունենայ. բան մը, որու մասին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զանազան գործընկերներու հետ հանդիպումներու ընթացքին կը բարձրաձայնէ։ Այս մասին կը խօսուի նաեւ բազմաթիւ հարթակներու վրայ», նշած է փոխ-նախարարը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024