ՄԻՇՏ ՍՊԱՍՄԱՆ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու պարագային կը սպասեն՝ արդէն ձեռք բերուած ու պաշտօնապէս արձանագրուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան ծրագրի (2021-2026) 2023 թուականի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին զեկոյցի քննարկման ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ Երեւան-Անգարա բնականոնացման ուղղեալ ջանքերուն։ Վարչապետ Փաշինեան ըսաւ.

«Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ, եթէ կարելի է այդպէս ըսել, մենք սպասման մէջ ենք։ Կը սպասենք ձեռք բերուած ու պաշտօնապէս արձանագրուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։ Սա է՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու պարագային Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանի բացումը»։

Վարչապետին գնահատմամբ՝ ցամաքային սահմանի բացումը դարակազմիկ իրադարձութիւն կ՚ըլլայ տարածաշրջանին համար, ուստի ջանքերը պիտի շարունակուին այս ուղղութեամբ։

Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ ընկերահոգեբանական նրբութեան մը. «Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ ես հիմա կը խօսիմ Հայաստան-Թուրքիա, ո՛չ թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին։ Այս երկու ձեւակերպումները ունին ընդհանրութիւններ, բայց, այնուամենայնիւ, անոնք նոյնը չեն»։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024