ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ՇՔԵՂ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ հայոց թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի պաշտօնակալման արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, նորին սրբազնութիւնը բոլորովին վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոսական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Զուգահեռաբար Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի պաշտօնակալման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քէօլնի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, որ ընթերցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը։

Միջեկեղեցական մասնակցութեամբ կազմակերպուած արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Գերմանիոյ պատկան երկրամասի եւ Քէօլնի քաղաքային իշխանութիւններու յառաջատար դէմքեր, ինչպէս նաեւ Պերլինի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան։

Գերմանիոյ հայոց թեմի ամբողջ հոգեւորական դասը, թեմական խորհուրդի անդամները, թեմական պատգամաւորները եւ գերմանահայ կազմակերպութիւններու կամ միութիւններու ներկայացուցիչները այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատեցին առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանը։

Պաշտօնակալման արարողութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ընդունեց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019