ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը կը շարունակէ «Վերականգնուած ցուցանմոյշներու պատմութիւն» ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զուգահեռաբար կազմակերպուած ցուցադրութիւնը ձօնուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ կեանքի կոչուած «Յիշողութեան կերպարանքներ. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման նորագոյն փորձագիտութիւնները» 10-րդ միջազգային գիտաժողովի շրջանակներէն ներս յառաջ կը տարուի այս նախագիծը։ Այսօր կը կատարուի համապատասխան ցուցահանդէսին բացումը՝ ներկայութեամբ միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ-ական երկիրներէ, Եւրոպայէ եւ հարեւան Վրաստանէ ներկայացուցիչներով։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ շաբաթավերջ։

Մշակութային արժէքներու վերականգնման գործընթացի ցուցադրութիւնը այժմ դարձած է թանգարանային նոր միտում մը, ինչ որ այցելուին հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ յայտնուելու վերականգնման առեղծուածային աշխարհին մէջ։ 19-20-րդ դարերու հայկական կերպարուեստի խոշորագոյն վարպետներու վերականգնուած կտաւներու կողքին, Երեւանի մէջ կը ցուցադրուին նաեւ վերականգնման երկարատեւ ընթացքը ամփոփ ներկայացնող աշխատանքային լուսանկարներ իրենց բացատրութիւններով։

Այսօր բացուած ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած է նաեւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի գործերէն մին։

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021