ԷՐՏՈՂԱՆ ԴՌՆՓԱԿ ԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՕՎԵՐՉՈՒՔԻ ՀԵՏ
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է Անգարա։ Երէկ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի կայքէջին վրայ արձագանգ գտաւ, որ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ալ հիւրընկալուած է Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Տեսակցութիւնը եղած է դռնփակ։ Ռուսաստանի կառավարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուած են երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ նախագահ Էրտողանի եւ Օվերչուքի հանդիպումը մամուլի համար փակ եղած է։
Ալեքսէյ Օվերչուք Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր կը զբաղեցնէ կարեւոր պաշտօն մը։ Ան համանախագահն է Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ փոխ-վարչապետներու գլխաւորած աշխատանքային խումբին, որ հետամուտ է Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։ Համապատասխան գործընթացը թէեւ ընթացքի մէջ է, սակայն լուրջ բարդութիւններով կ՚ուղղորդուի՝ մանաւանդ, որ Պաքուէն յաճախ կը հնչեն Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ յայտարարութիւններ կամ պնդունմեր։ Անգարայէն ալ մօտաւոր անցեալին այդ ակնկալութիւնը բարձրաձայնուած էր՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ։