ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Փարիզի երբեմնի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքի սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ տարաձայնութիւններու մթնոլորտին մէջ Ֆրանսայի դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուեցաւ կարեւոր վճիռ մը։ Մայրաքաղաքի մերձակայ Սեւր քաղաքին մէջ կը գտնուի այս պատմական շէնքը, որու արժեւորման նպատակներուն եւ սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ տարակարծութիւններ յառաջացած էին վերջին տարիներուն՝ մանաւանդ այն ժամանակաշրջանին, երբ Մխիթարեան միաբանութեան համար Վատիկանի կողմէ կառավարիչ նշանակուած էր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Այժմ Զեքիեան Գերապայծառ թէեւ այլեւս այդ պաշտօնը չի զբաղեցներ, սակայն, իր շրջանին սկիզբ առած դատական գործընթացները կը շարունակուին։

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Վերսայի Վերաքննիչ ատեանը վերջերս վճիռ մը արձակած է՝ ի նպաստ Սեւրի «Հայկական քոլէճի ընկերակցութեան» (Association du Collège arménien - Fondation Samuel Moorat 1846)։ Այս վերջնոյն նախագահը՝ Թոմա Տեւէճեանի ստորագրութեամբ հրապարակուած է շրջաբերական մը, որով կը տեղեկացուի, թէ 8 յունիս 2022 թուականին արձանագրուած է խնդրոյ առարկայ դատավճիռը՝ ընդդէմ Հայր Քիլաղպեանի եւ Հայր Լահիանի, որոնք Մխիթարեան միաբանութեան անունով բողոք ներկայացուցած էին։ Այս վերջինները 7 յունուար 2022 թուակիր իրենց բողոքին մէջ պնդած էին, թէ այս նիւթին վերաբերեալ արձակուած դատավճիռներուն մէջ մոռացութեան ենթարկուած են կարգ մը էական կէտեր։ Նախապէս 12 մարտ 2020 թուականին Նանթերի ատեանը նոյնպէս այս ընկերակցութեան ի նպաստ վճիռ մը արձակած էր, իսկ 26 հոկտեմբեր 2021 թուականին այդ մէկը հաստատուած էր Վերսայի Վերաքննիչ ատեանին կողմէ։ Այս վերջին դատավճիռին մէջ ալ դատաւորները Մխիթարեան վերոյիշեալ հայրերու պատճառաբանութիւնները ընդունելի չեն գտած եւ անփոփոխ պահած են նախորդ՝ 26 հոկտեմբեր 2021 թուակիր վճիռը։ Այսպէսով, Սեւրի երբեմնի վարժարանի շէնքի յանձնման իրաւասութիւնը վերապահուած է այս ընկերակցութեան։

Նոյն աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ պատմական այս վարժարանի ճակատագրին համար տրուելիք ուղղութեան շուրջ լուրջ վէճեր ծագած էին երկու ճամբարներու միջեւ։ Այս կէտէն սկսեալ ծնունդ առած էին նաեւ իրաւասութեան հարցեր։ Գլխաւոր տարակարծութիւնը կը վերաբերէր վարժարանի տարածքին մէկ մասը՝ բնակելի շէնքեր կառուցել նախատեսած շինարարական ընկերութեան մը տրամադրելու ծրագրին։ «Հայկական քոլէճի ընկերակցութիւնը» բացարձակապէս կ՚ընդդիմանար այդ նախագծին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2022