ՀԱՄԸՆԴԳՐԿՈՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան խնդրի լուծման վերաբերեալ յուսադրիչ սպասման մթնոլորտը կը շարունակուի։ Մայրաքաղաք Անգարայէն հասած ազդանշանները վերջին շրջանին դրական ակնկալութիւններու ծնունդ տուած են։ Նոր կանոնադրութեան մշակման աշխատանքները յառաջ կը տարուին Ներքին գործոց նախարարութեան վերահսկողութեան ներքեւ։ Արդէն մշակուած նախագիծին շուրջ վերջերս շրջանառութեան մէջ մտած են բազմաթիւ լսումներ եւ տուեալներ՝ մանաւանդ, որ նախագծին անձամբ ծանօթանալու հնարաւորութիւն ունեցած են նաեւ փոքրամասնական համայնքներէն կարգ մը աշխարհական վարիչներ։ Պատկան իշխանութիւնները համապատասխան արձագանգներու լոյսին տակ նախագծին կու տան վերջին ձեւը։
Մինչ այդ, վերջին օրերուն այս առումով կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է մայրաքաղաքի մէջ։ Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ հիւրընկալած է ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն։ Ծանօթ է, որ փոխ-նախարարը փոքրամասնական համայնքներուն հետ կը համակարգէ՝ կանոնադրութեան մշակման գործընթացին վերաբերեալ բոլոր աշխատանքները։ Սեւան Սվաճըօղլու փոխ-նախարարին հետ զրուցած է՝ մասնակցութեամբ իր անդամակցած խորհուրդէն այլ դէմքերու։
Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Սեւան Սվաճըօղլուի հետ, որ մեզի մանրամասնութիւններ տեղեկացուց Մուհթերէմ Ինճէի հետ ունեցած տեսակցութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Ինճէ յայտնած է, որ նոր կանոնադրութիւնը համընդգրկուն եւ լայնախարիսխ մօտեցումով մը պատրաստուած է եւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կարգադրութիւններուն համար հաշուի առնուած են բոլոր համայնքներու առանձնայատկութիւններն ու զգայնութիւնները։ Ինճէ տեղեկացուցած է, որ գործընթացը արդէն եզրափակիչ փուլը հասած է։ Նոր մշակուած կանոնադրութեան նախագիծը այս շրջանին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան համակարգէն ներս ալ քննարկուելով հաւանութեան արժանացած է։ Ներկայիս նախագիծը ուղարկուած է Պեշթեփէի համալիրը, որպէսզի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերջնական ստորագրութենէն վերջ հրապարակուի պաշտօնապէս։
Ներքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Մուհթերէմ Ինճէ խնդրի բոլոր երեսակներուն շուրջ գոհացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցած է Սեւան Սվաճըօղլուին։ Այսպէս, ցարդ իրականացած բոլոր աշխատանքները կը համապատասխանեն նաեւ նախագահ Էրտողանի կամքին, որպէսզի նրբանկատ եւ ուշադիր կարգադրութիւններ տեղի ունենան եւ փոքրամասնական համայնքները կարողանան կատարել իրենց ընտրութիւնը։ Մուհթերէմ Ինճէ նշած է, որ անհրաժեշտ ամէն ինչ կատարուած է, որպէսզի փոքրամասնական համայնքները հանգիստ մթնոլորտի մը մէջ կատարեն իրենց քուէարկութիւնը։