Ուրբաթ 7, Փետրուար 2025
ՀԱՅՐ ԷՄԻՐԻՆ ՇՔԱՆՇԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Տոհա։ Ուղեւորութեան վերջին օրը Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի հայր էմիր Համիտ պին Խալիֆա էլ Թանիի հետ, որուն շնորհեց բարեկամութեան շքանշան։ Երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ տեսակցելու առընթեր, Փաշինեան մէկտեղուեցաւ նաեւ Քաթարի գործարար շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ, որոնց հետ քննարկեց համագործակցութեան հեռանկարները։
Պաշտօնական այցելութեան շրջագծով Տոհայի մէջ բացուեցաւ նաեւ «Արաբերէն հաղորդագրութիւններ Հայաստանէն. Ժառանգութիւն՝ մշակութային երկխօսութեան համար» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ բացուած է Քաթարի Ազգային գրադարանի համալիրէն ներս։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ շաբաթ մը։
Չորեքշաբթի, Յունիս 15, 2022