ՍՈՖԻԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Սոֆիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէ ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պուլկարիոյ Արտաքին գործոց նախարար Թէոտորա Կենչովսքայի հետ։ Առաջին փուլին երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան այն աշխատանքները, որոնք կը ծաւալուին Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացներու, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ։ Ան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերակատարութեան կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու առումով։ Արարատ Միրզոյեան Սոֆիայի մէջ իր պաշտօնակցին ներկայացուց նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։