ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ

Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ դէ­պի Պա­քու պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Փո­րո­շեն­քօ այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը չի ճանչ­նար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը ու կ՚ող­ջու­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի նման դիր­քո­րո­շու­մը Խրի­մի հար­ցին շուրջ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պա­քուի մէջ Ա­լիե­ւի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Փո­րո­շեն­քօ ը­սաւ.

«Կը փա­փա­քիմ յստակ ընդգ­ծել, որ Ուք­րայ­նա չի ճանչ­նար ու պի­տի չըն­դու­նի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թե­րը, ո­րոնց մա­սին մենք խօ­սած ենք, ու կ՚ող­ջու­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­ման­ման դիր­քո­րո­շու­մը Խրի­մի հար­ցին շուրջ։ Մենք պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցանք հա­մա­ձայ­նեց­նել եւ հա­մա­կար­գել մեր դիր­քո­րո­շում­նե­րը եւ ընդ­լայ­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ Ուք­րայ­նա այս շրջա­նին կ՚ան­դա­մակ­ցի ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին։ Ատր­պէյ­ճան ե­ղած է ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ, աշ­խու­ժօ­րէն սա­տա­րած է Ուք­րայ­նա­յին եւ այժմ մենք կ՚ընդգ­ծենք, որ Ատր­պէյ­ճան եւս կրնայ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն ակն­կա­լել Ուք­րայ­նոյ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը 2016-2017 թուա­կան­նե­րուն, եւ մենք ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ ենք»։

Հարկ է նշել, որ Ուք­րայ­նա ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ժա­մա­նա­կա­ւոր ան­դամ ընտ­րուած էր ան­ցեալ տա­րուան Հոկ­տեմ­բե­րին։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քօ ի շա­րու­նա­կու­թիւն Պա­քուի մէջ կա­տա­րած հա­կա­հայ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ նշեց նաեւ, թէ Ատր­պէյ­ճան իր երկ­րի ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կիցն է։ Ան Ատր­պէյ­ճա­նին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ուք­րայ­նոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ինք­նու­թեան սա­տար հան­դի­սա­նա­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016