ՖրանսԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ԱՇՆԱՆ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՓԱՌԱՏՕՆ ՄԸ

Սեպ­տեմ­բեր 17-ին, ժա­մը 11.00-19.00-ի մի­ջեւ, Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մը կը կազ­մա­կեր­պէ իր ա­ռա­ջին հա­մա­հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­նը:

Փա­ռա­տօ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Փա­րի­զի հա­յա­շատ ա­րուար­ձան­նե­րէն՝ Ալ­ֆոր­վի­լի Կո­մի­տաս փո­ղո­ցին մէջ, հայ­կա­կան Ս. Պօ­ղոս-Ս. Պետ­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ առ­ջեւ: Փա­ռա­տօ­նի ա­ջա­կիցն է Ալ­ֆոր­վի­լի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը:

Ֆրան­սա­յի Հա­յոց Թե­մը նպա­տակ ու­նի այս տօ­նա­կան ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պել ա­մէն տա­րի՝ յա­ջոր­դա­բար Ֆրան­սա­յի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ: Այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նը կը հա­մընկ­նի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին եւ Ֆրան­սա­յի Հա­յոց Թե­մի ստեղծ­ման 10-ա­մեա­կին:

Փա­ռա­տօ­նին օ­րը Կո­մի­տաս փո­ղո­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ փակ պի­տի ըլ­լայ: Պի­տի պատ­րաս­տուի բեմ եւ պա­րա­հար­թակ, իսկ յա­տուկ պատ­րաս­տուած տա­ղա­ւար­նե­րուն մէջ պի­տի վա­ճա­ռուին գիր­քեր, յու­շա­նուէր­ներ, ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ, ու­տեստ­ներ եւ այլն:

Ե­րա­խա­նե­րուն հա­մար պի­տի կազ­մա­կեր­պուին հե­տաքրք­րա­կան բազ­մա­թիւ խա­ղեր:

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2016