ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկաններու ֆութպոլի առաջնութիւնը։ Երիտասարդներու մրցակցութիւնը յատկանշական է մարզական աշխարհին համար։

Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ, այս մրցաշարքի ծիրէն ներս Հայաստանի մինչեւ 19 տարեկաններու հաւաքականը հիւրընկալեց Սպանիան։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ խաղը, որու արդիւնքին հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց 1-4 արդիւնքով։ Առաջին խաղակէսը սպանացիներու առաւելութեամբ հասաւ իր աւարտին։ Թէեւ երկրորդ խաղակէսի սկիզբին հայկական ընտրանին յաջողեցաւ հաւասարեցնել հաշիւը, սակայն չկարողացաւ խուսափիլ խաղի աւարտի ձախողումէն։

Հայաստանի մինչեւ 19 տարեկաններու հաւաքականի յաջորդ հանդիպումը չորեքշաբթի տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ հետ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019