ՆՈՐ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻ ԾՐԱԳԻՐ

Իտալական ֆութպոլի երկու խումբեր՝ «Ա. Սէ. Միլան» եւ «Ինթեր Միլան», ներկայացուցին իրենց միացեալ մարզադաշտին նախագիծը, որ կ՚արժէ 1.2 միլիառ եւրօ: Այս նոր մարզադաշտը, որ պիտի ըլլայ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մօտ, կրնայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես: Անոր մօտ պիտի կառուցուի նաեւ մեծ համալիր մը, ուր կրնան այցելել զբօսաշրջիկներ: Անիկա պիտի ունենայ 3500 վաճառատուն, ճաշարան եւ այլ տեսակի բաժիններ: Իտալիոյ Միլանօ քաղաքի երկու խումբերուն մարզադաշտը՝ «Սան Սիրօ», որ կրնայ հիւրընկալել 80 հազար հանդիսատես, կառուցուած է 1926 թուականին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019