«ԲԻՒՐԵՂԱՊԱԿԵԱՅ ԴՂԵԱԿ» ՊԱԼԷՆ
«Բիւրեղապակեայ դղեակ» պալէի ներկայացումը կը ցուցադրուի առցանց հարթակով։ Այսպէս, Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը յուլիսի 17-ին՝ Հայաստանի ժամով 20.00-ին, առցանց կը ցուցադրէ ժամանակակից յօրինող Ալեքսէյ Շորի «Բիւրեղապակեայ դղեակ» բազմաժանր պալէի ներկայացումը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ արուեստասէրներ զայն կրնան դիտել օփերայի թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջէն: Տեսաձայնագրութիւնը հասանելի կ՚ըլլայ 24 ժամ։
Ներկայացումը նախաձեռնած եւ կազմակերպած է «Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամը», որու տնօրէնը Կոնստանդին Իշխանովն է:
Պալէն կը ներկայացնէ պալատական ծաղրածուներ Միմոսի եւ Միմոսուհիի սիրոյ պատմութիւնը։ Ներկայացման նիւթը կը ծաւալուի ԺԸ. դարու Սեն Փեթերսպուրկի մէջ՝ ռուս կայսրուհի Աննա Եոանովնայի փոթորկայոյզ կառավարման ժամանակաշրջանին։ Աննա Եոանովնան ծանօթ էր ճոխ տօնակատարութիւններու եւ խելայեղ խրախճանքներու հանդէպ մեծ սիրով։ Պալէի նիւթի մայր գիծն է կայսրուհիի կառավարման օրօք տեղի ունեցած պատմական դրուագ մը. ան որոշած է ամուսնացնել ծաղրածուները Նեւայի գետափին կառուցուած սառոյցէ դղեակին մէջ։