ԲԱԶՄԱՈԼՈՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյա շաբաթավերջին այցելեց Երեւան։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը դէպի Հարաւային Կովկաս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը, որու առաջին փուլին շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուրկէ անցաւ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց Երեւան-Ուաշինկթըն բազմաոլորտ համագործակցութեան հետեւողական զարգացման կարեւորութիւնը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին, որու կապակցութեամբ ԱՄՆ պիտի շարունակէ իր նպաստը բերել՝ կողմերու միջեւ իսկական խաղաղութեան հաստատման, նաեւ տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման առաջադրութեամբ։

Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանեալներու մարդասիրական հարցերը եւ անոնց լուծման ուղղեալ Հայաստանի կառավարութեան ձեռնարկած միջոցներուն վերաբերեալ դժուարութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ միջազգային հանրութեան շարունակական աջակցութիւնը։

Ուզրա Զէյա, որ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, Հայաստանի կեցութեան ծիրէն ներս ծանօթացաւ նաեւ Հաղբատի պատմական վանքին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024