ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայկական մարզաշխարհը վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի առաջնութեան։ ՖԻՊԱ-ի կողմէ կազմակերպուած՝ մինչեւ 16 տարեկաններու «Եւրոպասքեթ-2024»ի C խմբաւորման մէջ Հայաստան նուաճեց երրորդ հորիզոնականը։

Հայաստանի պասքեթպոլի մինչեւ 16 տարեկաններու ընտրանին երրորդ տեղի համար մղուած պայքարին շրջագծով մրցեցաւ Ատրպէյճանի հաւաքականին հետ։ Արդիւնքին 71-63 հաշուով առաւելութեան հասաւ հայկական ընտրանին, որ նուաճեց պրոնզ մետայլ։

Հայկական ընտրանիի կազմէն Ռաֆայէլ Մասումեան շատ ազդու խաղարկութիւն ցոյց տուաւ՝ ապահովելով 20 միաւոր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024