ՈՍԿԷ ՕՂԱԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՆ

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 21-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի եզրափակիչ փուլը բնորոշեց մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Շարժանկարի տան համալիրէն ներս։

Փառատօնի շրջանակներէն ներս պարգեւատրուեցաւ Իրանէն ականաւոր բեմադրիչ Ճաֆար Փանահի, որ նոր դուրս եկած էր կալանավայրէն։ Երկար բանտարկութենէ վերջ ան մրցանակը ստացաւ բուռն ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ։

21-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի առանձնայատկութիւններէն մին էր, որ փառատօնի ծրագիրը առիթ դարձաւ ոգեկոչելու համար գեղարուեստական աշխարհէն հայազգի երկու անմոռանալի մեծութիւն՝ Շարլ Ազնաւուրն ու Սերկէյ Փարաճանովը, որոնց ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանները կը նշուէր։

«Ոսկէ ծիրան»ը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ։ Երեւանի քաղաքապետարանը փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն էր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024