ՈՒԷՖԱ-ԷՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Գերմանիա, ուր հրաւիրուած էր ՈՒԷՖԱ-ի կողմէ՝ Պերլինի մէջ հետեւելու համար «Եւրօ-2024»ի աւարտականին։

Փաշինեան Պերլինի մէջ տեսակցեցաւ ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերինի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հայաստանի մէջ ֆութպոլի զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Վարչապետը դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը կը կարեւորէ երկրէն ներս ֆութպոլի, ընդհանրապէս առողջ ապրելակերպի զարգացումը։ Պետութիւնը այս նպատակով Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան հետ համագործակցաբար աշխատանք կը տանի՝ ենթակառուցուածքներու բարելաւման ուղղութեամբ։

Փաշինեան եւ Չեֆերին կանգ առին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւններու համատեղ նախաձեռնութեան վրայ։ Արդարեւ, անոնք ՖԻՖԱ-ին դիմած են՝ 2029 թուականին նախատեսուած ֆութպոլի աշխարհի երիտասարդաց առաջնութիւնը միասնաբար կազմակերպելու համար։ Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ այս դիմումին ընթացք կը տրուի եւ ՈՒԷՖԱ-ն ալ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ այդ ճանապարհին։

Ալեքսանտր Չեֆերին զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ՈՒԷՖԱ սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան հետ։ Ան համոզուած է, թէ ենթակառուցուածքներու բարելաւման ուղղեալ կառավարութեան քայլերը կը խթանեն Հայաստանէ ներս ֆութպոլի զարգացումը։ Ան աւելցուց, որ ՈՒԷՖԱ պաշտօնապէս կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Վրաստանի համատեղ դիմումին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024