ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ՓՈՐՁԻՆ ԴԷՄ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 8-ՐԴ ՏԱՐԻՆ. 15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Բովանդակ Թուրքիան այսօր կը նշէ՝ 15 Յուլիսի ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը։ Արդէն ութ տարի անցած է պետական յեղաշրջման փորձէն եւ անոր դէմ ցուցաբերուած պատմական դիմադրութեան վրայէն։ Այդ սարսափելի գիշերը անմոռանալի կը մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ՝ մինչ յարգանքով կ՚ոգեկոչուին այն 251 նահատակները, որոնք ինկան ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դաւադրական նախաձեռնութեան հետեւանքով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր Իսթանպուլի եւ Անգարայի մէջ կը մասնակցի՝ 15 Յուլիսի առթիւ նախատեսուած ձեռնարկներուն։ Արտասահմանի մէջ ալ նախատեսուած են միջոցառումներ՝ մանաւանդ Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ։
Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին Ազգային անվտանգութեան համալսարանէն ներս կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին շեշտեց, որ ՖԵԹԷՕ-ի դէմ պայքարը կը շարունակուի։ «Մուսմութ այդ գիշերուան առաւօտուն արթնցանք՝ որպէս երկիր մը, որ փրկած է իր ժողովրդավարութիւնը, տէր կանգնած է ազգային կամքին եւ դիւցազներգութեան մը հեղինակը դարձած է։ Երանութեամբ կ՚ոգեկոչեմ մեր նահատակները, որոնք մութ գիշերը լուսաւոր առաւօտի մը վերածեցին», նշեց Էրտողան։
Բաց աստի, նախագահ Էրտողան մատնանշեց, որ ՖԵԹԷՕ երկրի բանակի շարքերը թափանցելով պատճառ դարձած է վէրքերու։ «Ոչ միայն սպիացուցինք այդ վէրքերը, այլեւ շատ աւելի հեռուն գացինք», ընդգծեց նախագահը եւ դիտել տուաւ, որ կազմակերպութեան դէմ պայքարը բծախնդրութեամբ պիտի շարունակուի՝ առանց անոր լարած ծուղակներուն մէջ իյնալու։
*
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՊԱՏԳԱՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 15 Յուլիսի առթիւ պատգամ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։
Յանուն Կրօնական ժողովին, հոգեւոր դասուն, համայնքային կառոյցներուն եւ թրքահայ համայնքին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յղեց շնորհաւորութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահին եւ պետական աւագանիին ուղղեալ պատգամին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ միշտ կ՚աղօթէ՝ պետութեան յարատեւման ուղղեալ գերբնական ճիգերու յաջողութեան համար։