ԳԱԳԻԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԵԿԱՒ ՀԱՄԱԼՐԵԼ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ԽԼԱԾ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՇԱՐՔԸ
Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուած մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ պատահած վերջին բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած ոստիկանութեան աւագ ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեան դժբախտաբար մահացաւ շաբաթավերջին։
Ծանօթ է, որ Յուլիսի 17-ին «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբը Երեւանի կեդրոնին մերձակայ Էրեբունիի մէջ բռնագրաւած էին ոստիկանական կեդրոն մը։ Այդ ոստիկանատան գրաւման ժամանակ զինեալներուն կողմէ վիրաւորուած ոստիկանութեան աւագ ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեան շաբաթներէ ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Բժիշկները շուրջ ամիս մը պայքար մղեցին՝ փրկելու համար կեանքը 45-ամեայ Մկրտչեանի, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր որովայնի շրջանէն։ Ան քանիցս ենթարկուեցաւ վիրահատութեան, սակայն բոլոր միջամտութիւնները դժբախտաբար մնացին ապարդիւն։
Հայաստանի ոստիկանութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ շաբաթավերջին մահկանացուն կնքած է Գագիկ Մկրտչեան, որ ունէր վեցամսեայ զաւակ մը։ Գագիկ Մկրտչեան 23 տարիէ ի վեր կ՚աշխատէր ոստիկանութեան համակարգէն ներս։
Այսպէսով վերջին դէպքերու հետեւանքով զոհուած ոստիկաններուն թիւը բարձրացաւ երեքի։