ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՈՒՍԵՑ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրազիլ, շաբաթավերջին Ռիոյի մէջ այցելեց ողիմպիական աւան։ Այս առթիւ ան հանդիպում մը ունեցաւ այն մարզիկներուն հետ, որոնք 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացնեն Հայաստանը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ խրախուսեց հայ մարզիկները՝ իր կողքին ունենալով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը, Մարմնամարզի նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանը, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը եւ այլ պաշտօնատարներ։ «Ձեր առաջին երկրպագուները, առաջին սատարողները Հայաստանի քաղաքացիներն են», ըսաւ Սերժ Սարգսեան՝ խօսք ուղղելով մարզիկներուն։ Նախագահը բացատրեց, որ մարմնամարզի պարագային միշտ կրնան պատահիլ յաջողութիւններ կամ ձախողումներ։ Կարեւորը՝ ամբողջովին դրսեւորուիլն է, հետեւաբար պէտք չէ լարուիլ։
Միւս կողմէ, աշխատանքային այցելութեան առաջին փուլին Սերժ Սարգսեան մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ տեսակցեցաւ Պրազիլի Նախագահի պաշտօնակատար Միշէլ Տեմէրի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Պրազիլի միջեւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման ու խորացման հնարաւորութիւններուն շուրջ։
Նախագահներուն մասնակցութեամբ ստորագրուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթեր։