ՓԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Թուր­քիա։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին տե­ղի ու­նե­նայ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։

Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, 22-25 Օ­գոս­տոս թուա­կան­նե­րուն Ճօ Պայ­տըն ու­ղե­ւո­րու­թեան մը պի­տի ձեռ­նար­կէ դէ­պի Լե­թո­նիա, Թուր­քիա եւ Շուէտ։ Այս ծի­րին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան իր շփում­նե­րը Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր ան պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս­պէս, ծրագ­րուած են Ճօ Պայ­տը­նի հան­դի­պում­նե­րը Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ու եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր զա­նա­զան նիւ­թեր։

Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիա-ԱՄՆ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ներ­կա­յիս առ­կայ են շարք մը բար­դու­թիւն­ներ։ Յու­լի­սի 15-ին պա­տա­հած զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ե­կած է ա­նո­րո­շու­թեան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծել Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն ա­ռանց­քին վրայ։ Ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցին ՖԵ­ԹԷՕ-ի ղե­կա­վար Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէն տա­րի­նե­րէ ի վեր կը բնա­կի Փեն­սիլ­վա­նիոյ մէջ, ԱՄՆ։ Այս հան­գա­ման­քը Թուր­քիոյ մէջ հետզ­հե­տէ ամ­րապն­դած է այն հա­մո­զու­մը, թէ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէն Ուա­շինկ­թը­նի կող­մէ կը հո­վա­նա-­ւո­րուի ու նոյ­նիսկ ա­մե­րի­կեան կող­մը կրնայ բա­ժին մը ու­նե­ցած ըլ­լալ՝ ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծի փոր­ձին մէջ։

Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս պա­հանջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է՝ որ­պէս­զի ա­մե­րի­կեան կող­մը Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նը ար­տա­յանձ­նէ ի­րեն։ Թուր­քիա յա­մա­ռօ­րէն կը հե­տապն­դէ այս պնդու­մը բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի յա­ռա­ջա­տար բո­լոր դէմ­քե­րը կը կրկնեն, թէ անհ­րա­ժեշտ է այդ պա­հան­ջին ըն­թացք տրուի­լը։ Ան­գա­րա­յի կող­մէ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ մեծ քա­նա­կու­թեամբ ա­պա­ցոյց­ներ տրա­մադ­րուած են ա­մե­րի­կեան կող­մին։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այդ դի­մու­մը ստա­նա­լէ վերջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց եւ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ հա­մա­տեղ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը պի­տի ու­ղար­կուի Թուր­քիա՝ տեղ­ւոյն վրայ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու եւ քննար­կում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կով փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու սպաս­ման մթնո­լոր­տին մէջ ներ­կա­յիս ար­դէն յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, որ Ճօ Պայ­տըն շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիոյ մէջ։ Սպի­տակ տու­նը այս քայ­լով ակն­յայ­տօ­րէն կը փոր­ձէ ըլ­լալ հա­մո­զիչ՝ այն ուղ­ղու­թեամբ, թէ լուրջ վե­րա­բեր­մունք կը ցու­ցա­բե­րէ այս նիւ­թին հան­դէպ։

Ճօ Պայ­տը­նի մօ­տա­լուտ այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րուե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Նոյ­նա­ժա­մա­նակ թրքա­կան կողմն ալ հեր­թա­կան ան­գամ կրկնեց այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ իր յա­մառ սպա­սու­մը։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ երկ­րի յա­ռա­ջա­տար զան-գըւա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ՝ շօ­շա­փե­լով նաեւ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման խնդի­րը։ Պայ­տը­նի այ­ցե­լու­թեան նա­խօ­րեա­կին՝ վար­չա­պե­տը մատ­նան­շեց, որ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձ­նու­մէն զատ ո­րե­ւէ վար­կա­ծով պի­տի չբա­ւա­րա­րուի Ան­գա­րա։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ վեր­ջին օ­րե­րուն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած էին նաեւ զա­նա­զան լու­րեր, ըստ ո­րոնց Թուր­քիա պի­տի այ­ցե­լէր ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի։ Այժմ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ա­մե­րի­կեան կող­մը յար­մար նկա­տած է ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի մը վրայ քննար­կել խնդի­րը եւ պե­տա­կան քար­տու­ղա­րին փո­խա­րէն ար­դէն Թուր­քիա պի­տի ժա­մա­նէ Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն։ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տաղ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պայ­տը­նի հետ նոյն օ­րը՝ Օ­գոս­տո­սի 22-ին Թուր­քիա պի­տի ժա­մա­նեն նաեւ ԱՄՆ-ի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան չորս մաս­նա­գէտ­նե­րը։ Այս առ­թիւ Պոզ­տաղ ա­ւել­ցուց, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րու Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ շփում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման խնդրին շուրջ։ Թրքա­կան կող­մը ա­ւե­լի ա­ռաջ չորս տար­բեր թղթած­րար ու­ղար­կած էր ա­մե­րի­կեան կող­մին։ Նա­խա­գա­հը յի­շե­ցուց, որ Ան­գա­րա պա­հան­ջած է նաեւ են­թա­կա­յին առ­ժա­մեայ ձե­ւով ձեր­բա­կա­լուիլն ու կա­լա­նա­ւո­րուի­լը։ Վե­րո­յի­շեալ չորս մաս­նա­գէտ­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։ Ա­մե­րի­կա­ցի այդ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը 23-24 Օ­գոս­տո­սին պի­տի տե­սակ­ցին ի­րենց թուրք պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016