ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԿԱՍՊԻՑ ԾՈՎՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՎԵՐՋԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Կասպից ծովու վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոր կարգավիճակին շուրջ եզերակից հինգ երկիրներուն միջեւ վերջերս ստորագրուած համաձայնագրին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեան երէկ անդրադարձաւ Կասպից ծովու կարգավիճակի մասին հռչակագրին եւ Հայաստանի վրայ անոր հաւանական ազդեցութեան։ Նաղդալեան ընդգծեց, որ հռչակագիրը կը վերաբերի Կասպից ծովու ափամերձ հինգ երկիրներուն։ «Այստեղ մենք մեկնաբանելու շատ բան չունինք, բայց մենք կը հետեւինք այն բոլոր գործընթացներուն, որոնք կրնան ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի վրայ», ըսաւ ան։

Հարցումի մը պատասխանելով՝ Աննա Նաղդալեան ընդգծեց, որ Երեւան կը հետեւի զարգացումներուն եւ անոնց լոյսին տակ կ՚ընէ համապատասխան հետեւութիւններ։

«Կասպեան հնգեակ»ի երկիրները՝ Ռուսաստան, Ղազախիստան, Իրան, Թիւրքմենիստան եւ Ատրպէյճան անցեալ շաբաթավերջին հասած էին համաձայնութեան մը՝ Սովետական Միութեան քայքայման յաջորդած աւելի քան քսան տարուան տարակարծութիւններէն վերջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018