ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ ՏԱՊԱԼԵՑԱՒ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԲՈՂՈՔԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան բանտէն դուրս գալէ վերջ երէկ Երեւանի մէջ պիտի սարքէր մամլոյ ասուլիս մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Քոչարեանի պաշտօնական գրասենեակը կը գործէ «Էրեբունի փլազա» համալիրէն ներս, ուր եւս նախատեսուած էր մամլոյ ասուլիսը։ Բայց եւ այնպէս, մետասաներորդ պահուն ջնջուեցաւ այդ մամլոյ ասուլիսը, որովհետեւ խումբ մը ցուցարարներ ասուլիսի դահլիճ ներխուժեցին՝ արտայայտելով իրենց հակազդեցութիւնը Քոչարեանի ազատ արձակման դէմ։ Մամլոյ ասուլիսի ջնջուելէն վերջ անոնք հրաժեշտ առին «Էրեբունի փլազա»էն եւ ուղղուեցան դէպի Հանրապետութեան աւագ դատախազութիւն, ուր շարունակեցին իրենց բողոքի ցոյցերը։

Ռոպերթ Քոչարեանի բանբերը՝ Վիքթոր Սողոմոնեան աւելի ուշ տեղեկացուց, որ այդքան մեծ կարեւորութիւն չեն ընծայեր սոյն ծայրայեղական արարքին եւ Քոչարեան յառաջիկային ուրիշ առիթով մը հանրային կարծիքին հետ պիտի բաժնէ իր մօտեցումները՝ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018