«ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ-2015»

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Լա­ւա­գոյն մար­զա­կան ըն­տա­նիք-2015» մրցոյ­թին։ Ծաղ­կա­ձո­րի ո­ղիմ­պիա­կան գլխա­ւոր մար­զա­հա­մա­լի­րէն ներս ան հե­տե­ւե­ցաւ մրցոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ փու­լի մրցում­նե­րուն եւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Դափ­նե­կիր­նե­րուն պար­գեւ­նե­րը յանձ­նե­լու ա­ռըն­թեր Սերժ Սարգ­սեան խօսք ուղ­ղեց մրցոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ փու­լը ան­ցած ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րուն։ «Դուք եր­ջա­նիկ մար­դիկ էք, ո­րով­հե­տեւ հա­մե­րաշխ ըն­տա­նիք­ներ էք։ Ա­ռանց հա­մե­րաշ­խու­թեան, ա­ռանց փո­խա­դարձ օգ­նու­թեան եւ ա­ռանց ջերմ մթնո­լոր­տի անհ­նար է մաս­նակ­ցիլ այս­պի­սի ձեռ­նար­կի մը։ Ուս­տի, ան­գամ մը եւս կոչ կ՚ուղ­ղեմ՝ ոչ միայն դուք զբա­ղե­ցէք, այ­լեւ ու­րիշ­ներն ալ հրա­ւի­րե­ցէք զբա­ղե­լու, ո­րով­հե­տեւ մարմ­նա­մար­զը միայն ա­ռող­ջու­թիւն չէ՝ այլ ի վի­ճա­կի է մթնո­լորտ փո­խե­լու, մար­դոց տրա­մադ­րու­թիւ­նը փո­խե­լու։ Բո­լո­րիս կեան­քը բաղ­կա­ցած է մեծ ու փոքր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէ, մեծ ու փոքր յաղ­թա­նակ­նե­րէ, ան­շուշտ նաեւ մեծ ու փոքր խնդիր­նե­րէ։ Չկայ այս աշ­խար­հի վրայ ոե­ւէ մէ­կը, որ խնդիր չու­նե­նայ։ Խնդիր­նե­րը կը լու­ծուին, բայց կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի։ Ձե­զի կը մաղ­թենք ե­ռանդ, նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Դուք ա­խո­յեան­ներ էք։ Ես շատ ու­րախ եմ ու շնոր­հա­կալ, որ հա­ճոյ­քով կը մաս­նակ­ցիք այս մրցոյթ­նե­րուն», ը­սաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգ­սեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015