ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ԵԱՀԿ-Ի ՄՇՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄՕՏ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՊԱՔՈՒՆ
ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Այս առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին երկայնքով վերջին շրջանին իրավիճակի սրման։ Ան դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ մեծ տրամաչափով զինատեսակներու գործադրութեամբ հրադադարի դրութեան խախտումները եւ քաղաքային բնակավայրերու ռմբակոծումները, ինչ որ պատճառ դարձած է զոհերու եւ երկու քաղաքացիական անձերու վիրաւորման։
Դեսպան Արման Կիրակոսեան տեղեկացուց, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի սրման զուգահեռ՝ Ատրպէյճան շփման գծի մօտակայքին իրականացուցած է լայնածաւալ զօրավարժութիւններ 65 հազար անձնակազմով։ Այդ շարքին կը գտնուէին 6 հազար պահեստայիններ, հրասայլերու հարիւրաւոր միաւորներ, զրահամեքենաներ, ռազմաօդանաւեր եւայլն։
Դեսպան Արման Կիրակոսեան նշեց, որ հայկական կողմը խոր մտահոգութիւն յայտնած է վերոյիշեալ սադրիչ գործողութիւններուն կապակցութեամբ, ինչ որ ռազմական լարուածութիւնը կը սաստկացնէ տարածքաշրջանէն ներս։ Այս քայլերով Ատրպէյճան կ՚անտեսէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ իրեն ուղղուած կոչերը՝ հաւատարիմ մնալ հրադադարի դրութեան եւ զերծ մնալ իրավիճակի սրումէն։
Ըստ Արման Կիրակոսեանի, հրաժարելով դէպքերու հետաքննութեան դրութեան մը ստեղծման ուղղեալ միջազգային հանրութեան առաջարկներէն՝ Ատրպէյճան կը ստանձնէ ամբողջ պատասխանատուութիւնը հրադադարի խախտումներուն համար։
ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդին մօտ Արման Կիրակոսեան վերահաստատեց հայկական կողմին սկզբունքային դիրքորոշումը, ըստ որու հակամարտ կողմերու յստակ յանձնառութիւնը հրադադարի պահպանման եւ վստահութեան ամրապնդման վերաբերեալ միակ ուղին է հաշտութեան գործընթացի յառաջընթացին համար։