ՄԱԿ-Ի ԿՈՂՄԷ ՄԻԱՁԱՅՆ ՈՐՈՇՈՒՄ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նստաշրջանի 103-րդ լիագումար նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր» խորագրեալ բանաձեւը։ Այս նախաձեռնութիւնը կը բխի անցեալ Մարտի 27-ին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանին Հայաստանի կողմէ ներկայացուած ու միաձայնութեամբ ընդունուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւի դրոյթներէն։ Այս բանաձեւը կու գայ լրացնել Երեւանի շարունակական ջանքերը՝ խթանելու եւ համախմբելու ցեղասպանութեան ոճրին դէմ ուղղուած միջազգային գործողութիւնները։
ՄԱԿ-ի 84 համահեղինակ անդամ պետութիւններուն անունով բանաձեւը ներկայացուց ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, որ նշեց, թէ ցեղասպանութիւնը մարդկութեան գործած ամենասարսափելի ոճրագործութիւնն է, որ դարձած է միլիոնաւոր մարդոց նահատակման պատճառ։ «Մենք հաւատացած ենք, որ միջազգային օրը կարեւոր հարթակ մը պիտի հանդիսանայ զոհերու յիշատակման միջոցաւ՝ ապագային այդ ոճրագործութեան կանխարգիլման համար», ըսաւ Մնացականեան։
Միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւին վրայ միջազգային օր հռչակուեցաւ Դեկտեմբերի 9-ը, ինչ որ կը համընկնի 1948-ի ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխար-գիլման ու պատժուելուն մասին պայմանագրութեան ընդունման օրուան։
Իր ելոյթին մէջ Մնացականեան նշեց, որ միջազգային օրուան հռչակ-ման միջոցաւ փորձ կը կատարուի վարձահատոյց ըլլալ ցեղասպանութիւններու զոհերու ճակատագրին դէմ անցեալի մէջ ցուցաբերուած անտարբերութիւններուն համար։ Ըստ իրեն, ժխտողականութիւնը կը հարուածէ ցեղասպանութիւններ վերապրածներու սերունդները ու կը խաթարէ հաշտեցման ուղղեալ իսկական ջանքերը։