ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԸՆԴԱՌԱՋԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՓԱՓԱՔԻՆ. ՍԱՀՄԱՆԱԽԱԽՏ ՈՒՄՈՒԹ ԱԼԻ ԷՕԶՄԷՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած 16-ամեայ Ումութ Ալի Էօզմէնի երկիր վերադառնալու խնդիրը լուծում կը գտնէ երկու երկիրներու ղեկավարներու միջամտութեամբ։ Միջոց մը առաջ Կարսի սահմանակից տարածքէն ապօրինի ձեւով Հայաստան անցած Ումութ Ալի Էօզմէն որոշ ատենէ մը ի վեր ձերբակալւած կը գտնուէր Հայաստանի մէջ։ Այս հարցը վերջին օրերուն լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին մէջ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան տեղեկանալով իրադարձութիւններուն՝ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Էրտողան զրոյցի ընթացքին փափաք յայտնած է՝ որպէսզի 16-ամեայ Ումութ Ալի Էօզմէն ազատ արձակուի ու երկիր վերադառնայ։ Ըստ թերթի կողմէ հաղորդուած մանրամասնութիւններուն, Փաշինեան այս կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն քաղած է մանրամասնութիւններ եւ աւելի վերջ Էրտողանին ետ հեռաձայնելով տեղեկացուցած է իր դրական պատասխանը։ Այսպէսով, ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի Ումութ Ալի Էօզմէն պիտի վերադառնայ Թուրքիա։

Նոյնպէս «Հիւրրիյէթ»ի հաղորդումներով, Ումութ Ալի Էօզմէնի ընտանիքը մեծ ուրախութիւն ապրած է այս լուրերուն բերումով ու կը սպասէ անոր ժամ առաջ տուն վերադառնալուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2018