ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Սպահանի մէջ տեղի ունեցած Մանկապատանեկան ժապաւէններու 31-րդ միջազգային փառատօնի շրջագծէն ներս, կազմակերպութեամբ Սպահանի 5-րդ շրջանի քաղաքապետարանի Քաղաքի բարեզարդման կազմակերպութեան, 3 սեպտեմբերին, Նոր Ջուղայի «Ջուլֆա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սպահանի մէջ ծնած եւ գործունէութիւն ծաւալած, հայ շարժապատկերի քննադատ եւ բեմադրիչ, հանգուցեալ Զաւէն Ղուկասեանի կիսանդրիի բացումը:
Սպահանի քաղաքապետ Նոռուզի իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ Զաւէն Ղուկասեան Սպահանի շարժապատկերի ինքնութիւնն էր, աւելցնելով, որ ան երբեք չէ լքած իր քաղաքը, եւ իր յիշատակը յաւերժացած է Սպահանի մէջ ու ան միշտ պիտի մնայ սիրուած անձնաւորութիւն մը: Շարունակելով իր խօսքը՝ քաղաքապետը Սպահանը համարելով քաղաքակրթութեան, մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոն՝ հաստատեց, որ քաղաքը մեծ կարելիութիւններ ունի բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ փոքրամասնութիւնները կը համարուին քաղաքի հարստութիւններէն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Զաւէն Ղուկասեանի կիսանդրիին բացումը:
Միւս կողմէ, արձանին հեղինակն է Ճաֆար Նաժիպին:
Նոյն ծիրին մէջ, 3 սեպտեմբերին, «Սիթի սենթըր» առեւտրական համալիրի շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Կանչ» ժապաւէնը, որու հեղինակը՝ Սամուէլ Թադէոսեան ելոյթ մը ունենալով անդրադարձաւ ժապաւէնին:
4 սեպտեմբերին, ՀՄՄ-ի «Արարատ» միութեան սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Սամուէլ Թադէոսեանին հեղինակած եւ բեմադրած մէկ այլ ստեղծագործութիւնը՝ «Միացում» վաւերագրական ժապաւէնը, որ նուիրուած էր արցախեան շարժումին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեղրի Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ Թադէոսեանի կենսագրական գիծերուն եւ «Միացում» ժապաւէնին:
Աւարտին, Թադէոսեան ելոյթ մը ունենալով՝ նկատել տուաւ, որ իր առաջին այցելութիւնն է Նոր Ջուղա եւ մեծապէս ազդուած է տեղւոյն մշակոյթէն ու տեղացիներու պապերուն ձգած աւանդով եւ գնահատեց, որ նման մշակոյթ մը կերտած են: