ՍԱՄԱՐՂԱՆՏ ԵՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կարեւոր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ։ Այսպէս, ան իրերայաջորդ պիտի այցելէ Սամարղանտ եւ Նիւ Եորք։ Էրտողան Սամարղանտի մէջ պիտի մասնակցի Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Աւելի վերջ ան պիտի ուղեւորուի Նիւ Եորք՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման առթիւ։

Նախագահ Էրտողան Շանկհայ կը մեկնի այսօր, ուր իր ծրագիրը կը շարունակուի նաեւ վաղը։ Ան առաջին անգամ կը մասնակցի ՇՀԿ-ի գագաթաժողովին։ Էրտողանի առընթեր Սամարղանտի մէջ կը գտնուին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ այլ երկիրներու ղեկավարներ։ Սամարղանտի մէջ ժամադրուած շուրջ 15 պետութիւններու ղեկավարներէն ոմանց հետ նախատեսուած են նաեւ Էրտողանի երկկողմանի հանդիպումները։ Այս ամբողջին մէջ ամենակարեւորն է Փութինի հետ նախատեսուածը։ Էրտողան-Փութին հանդիպումը կարեւոր նիւթերու քննարկումով պիտի ընթանայ։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ երկու ղեկավարները հերթական անգամ պիտի անդրադառնան հացահատիկի տեղափոխման խնդիրներուն։ Անգարա եւ Մոսկուա վերջին շրջանին մտահոգութիւն բարձրացուցած էին, թէ Սեւ ծովու միջոցով տեղափոխուած հացահատիկին առիւծի բաժինը հարուստ երկիրներուն կը հասնի։ Էրտողան Փութինին հետ զրուցելու ընթացքին օրակարգի վրայ կը բերէ նաեւ ռուսական արտադրութիւններուն ալ Թուրքիոյ համակարգումով, նաւերու միջոցաւ տեղափոխումը։ Բնականաբար, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ընթացքը Էրտողան-Փութին ժամադրութեան հիմնական նիւթերու շարքին կը գտնուի։ Անգարա կը շարունակէ յամառօրէն առաջարկել, որպէսզի հակամարտ կողմերու ղեկավարները մէկտեղէ։ Բաց աստի, Էրտողան եւ Փութին կը շօշափեն Սուրիոյ իրադրութիւնը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ կացութիւնը։ Սուրիոյ պարագան էապէս կարեւոր կը համարուի, որովհետեւ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային ընտանիքի նկատառման կը յանձնէ, որ մտադրութիւն ունի նոր ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու այդ երկրի տարածքէն ներս։ Ուստի, որպէս Սուրիոյ այժմու հիմնական դերակատար երկիրներու ղեկավարները՝ Էրտողան եւ Փութին պիտի քննարկեն նաեւ այս հաւանականութիւնը։ 

Սամարղանտէ վերջ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ շփումներ պիտի ունենայ 17-22 սեպտեմբերին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ նախատեսուած է իր ելոյթը։ Մինչ այդ ան ժամադրուած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Նիւ Եորքի շփումներու ընթացքին ալ Էրտողան պիտի արծարծէ Թուրքիա-Յունաստան առկայ լարուածութիւնը, նաեւ Միջերկրականի արեւելքի իրադարձութիւնները։ Անշուշտ, այստեղ ալ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը անուշադրութեան պիտի չմատնուի։ Ամերիկեան կողմին հետ պիտի քննարկուին նաեւ «Ֆ-16» ռազմաօդանաւներու վերաբերեալ խնդիրները։ Շփումներու ընթացքին այս կարեւոր հարթակներու վրայ Էրտողան յառաջ կը քշէ Անգարայի մօտեցումները՝ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2022