Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ՈԳԻՆ» ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Անրի Քիւնի վերջերս հրատարակեց գիրք մը, որ լոյս տեսած է «Սիժեստ» հրատարակչութենէն։ «Հայաստան. ժողովուրդի մը ոգին» խորագրեալ այս գիրքին համար վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ շնորհանդէս մը։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանին մէջ։ Անրի Քիւնի ձեռնարկի մասնակիցներուն ներկայացուց, թէ իր պաշտօնավարութեան շրջանին ունեցած տպաւորութիւններուն հիման վրայ ինչ զգացումներով եւ դիտարկումներով մղուած ձեռնարկած է այս գիրքին պատրաստութեան։
Շնորհանդէսի աւարտին, Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի վերատեսուչ Ժան-Մարք Լաւեստ յուշանուէր մը յանձնեց Անրի Քիւնիին։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016