Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ԷԼԷՆ ՊԵՔՄԵԶԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ «ԼԸ ՄՈՆՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՓՈԽ-ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏՈՒՀԻ
Ֆրանսահայ լրագրող Էլէն Պեքմեզեան նշանակուեցաւ «Լը Մոնտ» աշխարհահռչակ օրաթերթի փոխ-խմբագրապետուհի։ Ան այս պաշտօնին կոչուած է՝ հինգ տարի շարունակ «Լը Մոնտ»ի անունով խոր-հըրդարանական իրադարձութիւններուն հետեւելէ վերջ։
Էլէն Պեքմեզեան Հոկտեմբերի 11-ին այս պաշտօնին կոչուելէ վերջ ընկերային ցանցերու միջոցաւ բաժնած է իր զգացումները։ Թէ՛ իր նախկին պաշտօնին եւ թէ նոր պաշտօնին առընչութեամբ։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարուան Մարտին լոյս պիտի տեսնեն Էլէն Պեքմեզեանի որպէս խորհրդարանական լրագրող պաշտօնավարած շրջանի յուշերը՝ գիրքի մը մէջ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016