ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս Երկուշաբթի պիտի սկսի Հայկական գրադարաններու միջազգային չորրորդ համաժողովը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ համաժողովին հանդիսաւոր բացումը։ «Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի» խորագրեալ հայկական գրադարաններու միջազգային չորրորդ համաժողովը ձօնուած է հայերէն առաջին Աստուածաշունչի տպագրութեան 350-ամեակի յոբելեանին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առընթեր կազմակերպիչներն են՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Ազգային գրադարանը։
Ինչպէս նախորդ համաժողովներուն, այս անգամ եւս Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կը մասնակցի ներկայացուցիչ մը։ Այսպէս, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տնօրինութեամբ համաժողովին մասնակցելու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած է Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան՝ որպէս Պատրիարքարանի թանգարանի, գրադարանի եւ արխիւներու բաժնի պատասխանատու։