ՊԱԼԱՔԵԱՆ ՍՏԱՑԱՒ ՄՐՑԱՆԱԿԸ
Ամերիկահայ բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան, որ այս տարի «Փուլիցըր»ի մրցանակին արժանացաւ բանաստեղծութեան անունակարգին մէջ, արդէն ստացաւ իր պարգեւը։ «Օզոնային օրացոյց» բանաստեղծական ժողովածոյով այս մրցանակին արժանի դասուեցաւ Փիթըր Պալաքեան, որ դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահին եւ հեղինակաւոր գրական-լրագրական մրցանակի դափնեկիրը։ Վերջերս, Նիւ Եորքի մէջ, Քոլումպիայի համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը։ Փիթըր Պալաքեանի մրցանակը յանձնուեցաւ Քոլումպիայի համալսարանի նախագահ Լի Պոլլինճըրի ձեռամբ։
Փիթըր Պալաքեան ԱՄՆ-ի «Քոլկէյթ»ի համալսարանէն ներս ընկերային գիտութիւններու դասախօս է՝ փրոֆեսէօրի կոչումով։ Ան բանաստեղծական եօթ ժողովածոներու եւ արձակ գրութիւններու չորս գիրքի հեղինակ է։