ՓՔՔ-Ի ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմեկերպութիւնը երէկ նոր յարձակումներով ցաւ յառաջացուց բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Մարտինի եւ Հաքքեարիի մէջ պատահած դէպքերուն հետեւանքով չորս զինուոր նահատակուեցաւ։ Մարտինի մէջ ահաբեկիչները հեռակայ դրութեամբ ռումբ մը պայթեցուցին՝ զինուորական ինքնաշարժի մը ճամբուն վրայ։ Պայթումին ազդեցութեամբ ճանապարհին վրայ բացուեցաւ մեծ փոս մը՝ 3 մեթր խորութեամբ ու 10 մեթր լայնքով։
Հաքքեարիի մէջ ալ յարձակումը գործուեցաւ նոյնանման դաւադրութիւնով մը։ Պայթումին հետեւանքով չորս զինուոր վիրաւորուեցաւ եւ անոնցմէ մին աւելի վերջ դժբախտաբար նահատակուեցաւ։
Բաց աստի, երէկ օրուան տեւողութեան ահաբեկչական բռնարարքներ տեղի ունեցան Վանի, Պիթլիսի, Ատըեամանի եւ Անթալիոյ մէջ։ Բարեբախտաբար այս յարձակումներուն հետեւանքով զոհեր չեղան, սակայն կան վիրաւորներ։