ՓԱԿՈՒՂԻՆ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ
Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, Աստանայի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Այս հանդիպման ժամանակ կողմերը քննարկեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի յայտարարութիւններով ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։ Նախարարները անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու շրջանակներէն ներս տարուած աշխատանքին։ Անոնք կանգ առին նաեւ տնտեսական կապերու եւ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն վրայ։
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ։
Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանի զօրքերու դուրս բերուիլը, բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակուիլը եւ հրադադարի դրութեան անվերապահ պահպանումը։ Կարեւորուեցաւ սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման եւ վերահսկման միջազգային դրութիւններու հաստատուիլը՝ նոր բռնութիւնները կանխարգիլելու նպատակով։
Ճէյհուն Պայրամով Աստանայի երէկուան ժողովին ընթացքին անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակողմանի կարեւոր հանդիպման, որուն մասնակցած էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել։ Ճէյհուն Պայրամով նշեց, որ Փրակի այդ հանդիպման ժամանակ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը փոխադարձ ճանչնալու եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու շուրջ։ «Սա խաղաղութեան պայմանագրի հիմքն է», ըսաւ Ճէյհուն Պայրամով։ Իր հնչեցուցած այս դրական տուեալով հանդերձ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական անգամ թիրախաւորած են հայկական պաշտպանութեան դիրքերը։ Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։
Նախարարներու այս եռակողմանի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աստանայի մէջ կազմակերպուած՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ժողովներու շրջանակէն ներս։ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կազմակերպուած հաւաքէն վերջ, երէկ, Աստանայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Հարկ է նշել, որ ներկայիս Մոսկուա նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ, որպէսզի Փութինի տանտիրութեամբ ու միջնորդութեամբ եռակողմանի նոր հանդիպում մը տեղի ունենայ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Աստանայի երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան մտադրութիւն ունի Հայաստանի աւելի շատ տարածքները գրաւելու եւ այս բանը պէտք է կանխել։