ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ

Գերմանիոյ Քարլսրուէ, Էտլինկէն եւ Պատէն-Պատէն քաղաքներուն մէջ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեան ներքոյ եւ նորաստեղծ Գերմանա-հայկական երաժշտական միութեան կազմակերպութեամբ նախընթաց օր սկսան հայկական մշակոյթի օրերը։ Միջոցառումները կ՚իրականացուին Քարլսրուէի քաղաքապետարանի, Գերմանահայ բժիշկներու միութեան, Պատէն-Վիւրտեմպերկի մօտ Հայաստանի պատուակալ հիւպատոս Կիւնթէր Փիլարսքի աջակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Նոյեմբերի 10-ին Քարլսպուրկ պատմական ամրոցին մէջ կայացած համերգին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան եւ Քարլսրուէի առաջին քաղաքապետ Վոլֆրամ Եէկէր։

Համերգին ընթացքին հնչեցին Էտուըրտ Կրիկի, Ռոպերթ Շումանի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Միշէլ Լեկրանի ստեղծագործութիւնները։ Անուանի ջութակահար, Գերմանա-հայկական երաժշտական միութեան նախագահ Անի Աղաբէկեան՝ Քարլսրուէի երաժշտանոցի վերատեսուչ Վոլֆկանկ Մայէրի, դաշնակահար Մարիուս Հատուլայի եւ սաքսաֆոնիստ Փեթէր Լեհէլի հետ միասին, հանդիսատեսին ներկայացուցին իրենց կատարումները։

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ մէջ հայկական մշակոյթի օրերը պիտի շարունակուին մինչեւ Դեկտեմբերի 9-ը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017